Holy Trinity Armenian Church's 96th Anniversary Banquet

Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 96-րդ Ամեակի Տօնակատարութիւն
Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» շքեղօրէն զարդարուած սրահին մէջ ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ նշուեցաւ ծուխի կազմաւորման 96-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:
Տօնակատարութեան ներկայ էին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Հայկ Քհնյ. Շահինեան եւ երէցկին Մարիա Շահինեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան, Տիար Արիս Պապիկեան, Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան, Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ երէցկին Նայիրա Զարգարեան, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ երէցկին Մակի Թանաշեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Ռաֆֆի եւ Տիկ. Երջանիկ Պետրոսեան, «Պապայեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ եւ Ատենապետուհի՝ Տիկ. Քնար Պասմաճեան, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի զաւակներ:
Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, թիւով շուրջ 250 հրաւիրեալներուն բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկան, հանդիսավարներ պրն. Վահագն Տէր Յարութիւնեան (հայերէն) եւ օրդ. Լալիկ Թահթաճեան (անգլերէն), ապա Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան ներկայ հոգեւորականներուն հետ միատեղ կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը:
Ճաշի սպասարկութիւնը անթերի ձեւով կատարեցին Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարանի բարձրագոյն դասարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Ճաշի ընթացքին եկեղեցւոյս վերջին շրջանի յիշատակելի դրուագը ներկայացնող նկարաշարի ցուցադրումը հետաքրքրութեամբ դիտուեցաւ:
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի շնորհաւորանքի գիրը ընթերցեց Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեան:
Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան պրն. Արիս Պապիկեան, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Պետրոսեան, «Լեւոն եւ Փիրուզ Պապայեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Քնար Պասմաճեան, որոնք արդարօրէն արժեւորեցին Թորոնթոյի առաջին հայկական եկեղեցւոյ կազմաւորման 96-ամեակի նշումը, շեշտելով համայնքէն ներս անոր ունեցած երկարամեայ գործունէութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերաւ, սիրուած երգիչ պրն. Մհեր Մինասեան, որ հայկական ժողովրդային եւ աշուղական երգերով ճոխացուց մթնոլորտը։ Փունջ մը հայկական պարերով ելոյթ ունեցաւ «Բարեւ» կեդրոնի «Սասուն» պարախումբը։ Ներկաները մեծ հաճոյքով վայելեցին պարախումբի կատարումները:
Յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն, ինչպէս՝ օրդ. Յասմիկ Քիւրտեան (Տարուայ կին), բարեշ. Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան (Տարուայ մարդ), օրդ. Երազ Թահթաճեան (Տարուայ երիտասարդուհի), պրն. Վազգէն Պոյրազեան (Տարուայ երիտասարդ), Տէր եւ Տիկ. Արմէն եւ Էլիզա Ղազանչանեան եւ զաւակները Կոր եւ Քրիս (Տարուայ ընտանիք), Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն «Ս. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Տիկ. Քնար Պասմաճեան իր երկար տարիներու արդիւնաւէտ գործունէութեան համար:
Տեղի ունեցաւ 96-ամեակի կարկանդակի հատումը Քահանայ հայրերու, Ծխական խորհուրդի եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ։
Փոխառաջնորդ եւ Եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական եւ գնահատական խօսքերով, ողջունեց ներկայութիւնը Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Շահինեանի եւ Պատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի եւ իրենց նուիրեց գիրքեր, ապա շնորհաւորեց Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնց ջանքերով վարժարանի խումբ մը աշակերտներ մասնակից դարձած էին սոյն հանդիսութեան. ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց «Սասուն» պարախումբի անդամներն ու պարուսոյցներ՝ Սեւակ եւ Սարին Աւագեանները, նաեւ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ յարակից մարմինները, Ծխական Խորհուրդի անդամները, հովիւի օգնական Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը, եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ իրենց տարած անսակարկ գործունէութեան համար։
Ծաղկեփունջերով պատուեցան երէցկին Նայիրա Զարգարեան, երէցկին Մակի Թանաշեան, երէցկին Մարիա Շահինեան եւ երէցկին Լոռի Սարգիսեան:
Ուրախ եւ գոհ մթնոլորտի մէջ ընթացած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Տէր Հօր Պահպանիչով:
Վարձքը կատար բոլորին:


