No items found.

The 111th Anniversary of the Armenian Genocide

Published on
April 24, 2026

Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ին, կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնին, եւ հիւրընկալութեամբ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ Առաք․ Եկեղեցւոյ, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ոգեկոչելու` Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցը։ Օրուայ պատարագիչն էր Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան՝ Հոգեւոր Տեսուչ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, իսկ պատգամախօսը՝ Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Շահինեան, Հոգեւոր Հովիւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Ոգեկոչման ներկայ էին Գանատահայոց Թեմի Փոխ Առաջնորդ եւ Հոգեւոր Հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, նոյն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Պետրոսեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան, Թորոնթոյի Հայ Աւերտարանական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեան, Միջ յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան, Թորոնթոյի մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս՝ Տիար Կրէկ Պոսթաճեան եւ մեծ թիւով թորոնթոհայ գաղութի զաւակներ։

Սուրբ սեղանին սպասարկեցին Բարեշնորհ Սարկաւագներ եւ Դպիրներ, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց՝ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ՝ տիար Շահէ Ալթունեանի։

Պատարագի աւարտին, բարի գալուստի խօսք փոխանցեց Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, նշելով որ այս օրը աղօթքով կը յիշատակենք մեր սրբադասուած նահատակները, հայցելով, որ Աստուած իր սիրոյ եւ միաբանութեան մէջ պահէ համայն հայութիւնը եւ մասնաւորապէս թորոնթոհայ համայնքը։ Ան աւելցուց որ հայ ազգը երբ մահուան մէջ մէկ եղած է, իրաւունք չունի կեանքի մէջ առանձին ըլլալու, մանաւանդ՝ հայրենիքէն դուրս։ Ան մաղթեց որ Տէրը իմաստութիւն պարգեւէ հոգեւոր եւ պետական պաշտօններու վրայ գտնուող բոլոր ղեկավարներուն։

Յաջորդաբար գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ դպրոցի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները՝ ներկայացնելով փունջ մը հայրենասիրական երգեր։ Երգչախումբը կը ղեկավարէր երգչախուբի երկարամեայ ղեկավար՝ Տիկին Նաթալիա Նաւասարդյանը։

Օրուայ պատգամախօս՝ Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Շահինեան իր քարոզին մէջ նշեց, որ որպէս անհատներ, մեր կեանքի ընթացքին զանազան դժուարութիւններ եւ վիշտեր ունեցած ենք, որոնք կրցած ենք յաղթայարել եւ ոտքի կանգնլ կրկին. նոյնպէս ալ ցեղասպանութէ վերապրածները կարողացան յաղթահարել իրենց բաժին ինկած աներեւակայելի դժուարութիւնները, վերադառնալով դէպի հաւատք ա՛ռ Աստուած եւ եկեղեցի։

Աւարտին, թափօրով եւ դպրաց դասի երգեցողութեամբ հոգեւոր հայրերն ու ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, Եղեռնի Յուշարձանի առաջ աղօթք մատուցեցին եւ մեխակներ զետեղեցին ի յիշատակ սրբադասուած նահատակներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ Մակարոս Արթինեան սրահէն ներս, կազակերպութեամբ Սբ․ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

More photos...

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

No items found.
Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation