ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 104-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Կիրակի՝ 15 Մարտ 2026-ին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 104-րդ տարեկան անդամական եւ Գանատահայ Համայնքներու Ծառայութեան «Բարեւ» Կեդրոնի տարեկան 8-րդ ժողովը, եկեղեցւոյ Մակարոս Արթինեան սրահին մէջ։
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան նախագահեց ժողովը, ներկայութեամբ՝ թեմիս Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Պետրոսեանի եւ խորհուրդի անդամներու, եւ տրատու անդամներու։ Ժողովականներու միաձայնութեամբ Ժողովի Դիւանը կազմուեցաւ հետեւեալ ձեւով՝ ատենապետ՝ Տիկին Ռոզին Իմաստունեան, ատենադպիրներ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով՝ Պէթթի Փանոսեան եւ Անի Սարվարեան։
Ժողովի բացումը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով։ Ժողովի օրինաւորութիւնը հաստատուելէ ետք, բարի գալուստի խօսքով եւ յաջողութեան մաղթանքով հանդէս եկաւ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան։
Հերթաբար վաւերացուեցան օրակարգն ու նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը։ Ապա ներկայացուեցաւ Հոգեւոր Հովիւի տարեկան տեղեկագիրը, ներկայացնելով 2025 տարուայ համապարփակ գործունէութիւնները, որ կ՛ընդգրկէր կրօնական արարողութիւններ եւ խորհուրդներ, կրթական, մշակութային, ընկերային եւ մարդասիրական բազմատեսակ գործունէութիւններ։
Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր, իր հայրական հովանաւորութեան համար, Հովիւի օգնական՝ Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեանին իր խոր նուիրումին եւ ջանասիրութեան համար, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Պետրոսեանին, որուն գլխաւորութեամբ խորհուրդը աշխուժօրէն շարունակած է իր արդիւնաբեր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Ծխականի բոլոր անդամներուն անհատաբար։ Շնորհակալութեան խօսք նաեւ՝ եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ գործող Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութեան կազմին։ Յատուկ գնահատանքով նշուեցաւ Եկեղեցւոյ Բարեւ կեդրոնի աշխուժ գործունէութիւնը, ատենապետութեամբ՝ Օրդ. Ալիս Սփանոս Սարգիսեանի։ Տէր Հայրը բարձր գնահատեց բոլոր անձնուրաց եւ նուիրեալ անհատաներու նուիրական աշխատանքը, որոնք կը գործեն ի նպաստ մեր սուրբ եկեղեցւոյ պայծառացման։
Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ Ծխական Խորհուրդի, Բարեւ կեդրոնի եւ Հայ Ընտանիքի Օգնութեան Ծառայութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրերը։
Տիար Արբի Սաթուրիի կողմէ ներկայացուեցան Եկեղեցւոյ եւ Բարեւ Կեդրոնի 2025 տարեշրջանի հաշուետուութիւնները եւ 2026 տարեշրջանի նախահաշիւները, որոնք միաձայնութեամբ ընդունուեցան եւ վաւերացուեցան ներկաներուն կողմէ։
Ընտրողական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Սուսաննա Յարութիւնեանի կողմէ ներկայացուեցան Թեմական Պատգամաւորները՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան, Տիար Մատաթ Մամուրեան (որոնք կը շարունակեն որպէս պատգամաւոր՝ հակառակ շրջանի աւարտին), Տիկին Ռոզին Իմաստունեան, Տիկին Տիանա Պօղոսեան, Տիար Պետրոս Չինչինեան, Տիար Շահէ Ալթունեան եւ Տիար Մասիս Իսաղուլեան։
Ծխական Խորհուրդէն իրենց շրջանը աւարտած անդամներն են.-
Տիկին Էլինա Մարինոսյան
Տիար Յակոբ Տէօքմէճեան
Տիար Զոհրապ Գազանճեան
Տիար Կոստան Կոստանեան
Ծխական Խորհուրդին միացող նոր անդամ.-
Տիար Տիգրան Գրիգորյան
Ֆինանսական վերանայման յանձնախումբի անդամներն են .-
Տիար Արտակ Ներսիսյան, Տիար Ռուբէն Պախշինյան եւ Տիար Արայիկ Կիւլիւմյան
Ընտրողական յանձնախումբի անդամներ՝
Ռոզին Իմաստունեան, Սուսաննա Հարութիւնյան, Սելլա Գալթաքճեան, Ֆրանս Գանտահարեան, Այտա Աֆարեան։
Քահանայ հօր շնորհակալական խօսքերով եւ Սրբազան Հօր գնահատանքով եւ ապա «Պահպանիչ»ով իր աւարտին հասաւ Եկեղեցւոյ 104-րդ Անդամական ընդհանուր Ժողովը։