No items found.

Palm Sunday - Ծաղկազարդ

Published on
March 29, 2026

Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը։ Այս գեղեցիկ տօնին, որ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ, յատկապէս՝ բազմաթիւ մանուկներ, որոնք իրենց ներկայութեամբ աւելի եւս կենդանացուցին տիրող տօնական մթնոլորտը։

Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցեց Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւ. Քահանայ Զարգարեան։ Սուրբ Սեղանին կը սպասարկէին հոգեւոր հովիւի օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քահանայ Թանաշեան, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։

Եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները, Բրշ. դպրապետ՝ Շահէ Ալթունեանի ղեկավարութեամբ, իրենց մասնակցութիւնը բերին հոգեպարար այս արարողութեան, շարականներու ներդաշնակ կատարումով, որ ներկաները հաղորդակից դարձուց օրուայ խորհուրդին։

Յաւարտ Սբ. Պատարագին տեղի ունեցաւ Մանուկներու Թափօրը, որուն միացան մեծ թիւով մանուկներ եւ երեխաներ, ստեղծելով հոգեւոր եւ միաժամանակ ուրախ մթնոլորտ։Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ Դռնբացէքը, որ հանդիսաւոր կերպով կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին՝ աղօթքով եւ շարականներով։

More photos...

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

No items found.
Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation