Community

Քաղաքապետուհի՝ Ազնուաշուք Տիկին Օլիվիա Չաօ Այցելեց Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի

Published on
January 1, 1970

 

Թորոնթոյի Քաղաքապետուհի՝ Ազնուաշուք Տիկին Օլիվիա Չաօ Այցելեց Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի


Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ին, մեծ շուքով նշուեցաւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի հիմնադրութեան 97-րդ տարեդարձը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան։ 

Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի 30 տարիներու անսակարկ ծառայութեան, եւ զայն գնահատեց լանջախաչով մը։

 

Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան խօսք առնելով յանուն Սրբազան Հօր եւ համայնքին, բարի գալուստ մաղթեց Թորոնթոյի քաղաքապետուհի՝ ազնուաշուք տիկին Օլիվիա Չաօին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, որ ընդառաջած է իր հրաւէրին, եւ իր այցելութեամբ պատուած է եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 97-րդ տարեդարձի նշումը։ Տէր հայրը բարի գալուստ մաղթեց նաեւ Օնթարիօ Նահանգի Երեսփոխան՝ յարգարժան տիար Արիս Պապիկեանին։ Ան շնորհակալութիւն  յայատնեց  Թորոնթոյի քաղաքապետարանին, որ ընդունած էր եկեղեցւոյ յարակից տարածքին համայնքային զարգացման նպաստող կառոյցի մը շինարարութեան համար ներկայացուած դիմումնագիրը։ Սոյն ծրագիրը կ՛ընդգրկէ Տարեցներու տուն, Բարեւ կեդրոն, մանկապարտէզ, մարզասրահ, խնճոյքի սրահ, եւ համապասխան ծառայաութիւններու համար գրասենեակներ։ Ապա ան հրաւիրեց պատուոյ հիւրը՝ փոխանցելու իր սրտի խօսքը։

Յարգարժան քաղաքապետուհի՝ տիկին Օլիվիա Չաօ նշեց, թէ մեծ պատիւ եւ հպարտութիւն է ներկայ գտնուիլ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 97րդ տարեդարձին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար, աւելցնելով որ  ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդը այսօր սիրով եւ հաւատքով զօրացած՝յաղթահարած է մահը։ Ան թելադրեց Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցիի օրինակով յարատեւ քաջալերել զիրար, թեւ ու թիկունք կանգնիլ եկեղեցւոյ, ի շահ յառաջիկայ սերունդներու բարօրութեան, պահելով լեզուն, աւանդութիւնն ու հաւատքը։ 

Առ ի գնահատանք, Սրբազան Հայրը քաղաքապետուհիին նուիրեց արուեստագիտուհի՝ Ռոզ Թադոսեանի Արարատը խորհրդանշող իւղաներկ գեղանկարը։

Պատարագի աւարտին Տէր Հօր գրասենեակին մեջ տեղի ունեցաւ ջերմ առանձնազրոյց։

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation