Holy Easter - Սուրբ Զատիկ

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատացեալներու մեծաթիւ եւ ջերմ մասնակցութեամբ։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, առընթերական ունենալով թեմիս Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը։

Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներն ու դպիրները։ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը՝ դպրապետ Տիար Շահէ Ալթունեանի ղեկավարութեամբ եւ երգեհոնի նուագակցութեամբ՝ Տիկին Սոնա Արթինեանի։
Այս առթիւ մեր ջերմ գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին, սարկաւագներուն, դպիրներուն, երգչախումբի անդամներուն եւ դպրապետ Տիար Շահէ Ալթունեանին՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ մանաւանդ՝ Աւագ Շաբաթուան ընթացքին ցուցաբերած իրենց գործուն մասնակցութեան համար։

Մեծապէս կը գնահատենք նաեւ Տիկնանց Միութեան անդամները՝ իրենց տքնաջան աշխատանքին եւ Աւագ Շաբաթը աւելի եւս խորհրդաւոր ու հանդիսաւոր դարձնելու իրենց նուիրական ջանքերուն համար։
Photo Credit: Berdj Parseghian