Community

Ձեռնադրութիւն եւ Պաշտօնակոչութիւն Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի

Published on
January 1, 1970

Ձեռնադրութիւն եւ Պաշտօնակոչութիւն
Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի
Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր, 2025-ին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեանի Ձեռնադրութիւնն ու Պաշտօնակոչութիւնը:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը եւ հովիւի օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը:
Ձեռնադրութեան աւարտին Տէր Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանը, Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Դասի, Ծխական Խորհուրդի եւ բոլոր հաւատացեաներու շնորհաւորանքները փոխանցեց Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեանին, երէցկնոջ Լոռի Սարգիսեանին, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ հաւատացեալներուն, մաղթելով բեղմանաւոր ծառայութիւն ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Քրիստոսի եկեղեցւոյ եւ ի նպաստ թորոնթոհայ գաղութին:

 

 

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation