Community

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 98-րդ Ընդհանուր Անդամական Ժողով

Published on
May 10, 2019
Մատաթ Բ. Մամուրեան


Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ 98-րդ  եւ գանատահայ համայնքներու ծառայութեան «Բարեւ» Կեդրոնի 2-րդ տարեկան անդամական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019ի յետ միջօրէի ժամը 2:30-ին եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» Սրահին մէջ: Նախագահութեամբ թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, ժողովին ներկայ էին, փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ թեմական խորհուրդի Ատենապետ պրն. Օհան Օհաննէսեան դիւանի ատենապետութիւնը ստանձնեց Պրն. Ստեփան Էքմէքճեան, հայերէն ատենագրութիւնը Տիկ. Պէթթի Փանոսեան, իսկ անգլերէն Օրդ. Արին Գըմգըմեան իբր խորհրդարանական Տիկ. Աբէթ Ալբայ:



Ժողովի ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուեցան հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայի, Ծխական Խորհուրդի, «Բարեւ» Կեդրոնի եւ յարակից մարմիններուն բարոյական տեղեկագիրները, ներկայացուեցաւ եկեղեցւոյ նիւթական համարատուութիւնը (2016, 2017, 2018) տարեշրջաններու, «Բարեւ» Կեդրոնի եւ յարակից մարմիններու:



Յետ քննութեան եւ տրուած լուսաբանութեան, ժողովականները վաւերացուցին նիւթական տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ 2019 տարեշրջանի նախահաշիւը:


Թեմական խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան, առաջին հերթին խօսք տուաւ Պրն. Ժագ Ստեփանեանին, որ ժամանագրական կերպով ներկաներուն ներկայացուց Նոյեմբեր 2018-էն մինչեւ Փետրուար 2019-ը կատարուած ժողովներուն եւ պաշտօնական հանդիպումներուն լրիւ եւ ամբողջական ցանկը: Ապա Պրն. Արա Պոյաճեան, մանրամասնօրէն ներկաներուն փոխանցեց Հ.Բ.Ը. Միութեան կալուածի գնման նիւթական տուեալները, օրինական հարցերը ու դիմագրաուած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ թուեց սոյն պատճառները որոնց հիման վրայ կարգ մը տեղեկութիւններ հանրութեան չէին յայտնած, նախքան գնման ամբողջացումը ու կալուածի օրինական փոխանցումը Առաջնորդարանի անունին:



Ժողովականները գոհունակ տրուած թափանցիկ եւ մանրամասն բացատրութիւններէ, շնորհաւորեցին տարուած բծախնդիր աշխատանքները, ի շահ մեր եկեղեցւոյ եւ Գանատահայոց Թեմի յաջութեան եւ պայծառութեան:


Ընտրողական յանձնախումբի անունով Տիկ. Սելլա Գալթաքճեան ներկայացուց թեկնածուներու անուանացանկը: Ծխական Խորհուրդի անդամներ վերընտրուեցան, Տիկ. Թալին Թաճերեան, Օրդ. Արին Գըմգըմեան եւ Պրն. Ռաֆֆի Գույումճեան: Թեմական Պատգամաւորներ, վերընտրուեցաւ Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան եւ Պրն. Օհան Օհաննէսեան. Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ, Տիկ. Սիրվարդ Պէնէտրիքթ, Պրն. Յակոբ Տէօքմէճեան եւ Արա Տէր Գէորգեան, Ընտրողական Յանձնախումբ, Տիկ. Անի Սարվարեան, Տիկ. Սելլա Գալթաքճեան, Տիկ. Ֆրանս Գանտահարեան, Տիկ. Այտա Աֆարեան եւ Ազնից Սալիպեան:







Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան իր տարած ծաւալուն աշխատանքներուն, դիւանի ատենապետը եւ զոյգ ատենադպրուհիները: Թեմականի շրջանաւարտ պատգամաւոր Պրն. Ժագ Ստեփանեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տարած բծախնդիր աշխատանքին համար, ապա շնորհաւորեց նորընտիր անդամ-անդամուհիները:


Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ Եկեղեցւոյս 98-րդ անդամական ընդհանուր ժողովը:




Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation