Community

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնի Առթիւ Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք - August 13, 2023

Published on
August 15, 2023

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը Տիրամօր այս աշխարհէն մեկնելու եւ իր մարմինով երկինք տեղափոխուելու յիշատակի օրն է:

Այս տօնը Աստուածածնի նուիրուած  տօներէն գլխաւորն ու հնագոյնն է եւ ունի շաբաթապահք, նաւակատիք ու մեռելոց: Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի  Ս. Պատարագի աւարտին կը կատարուի խաղողօրհնէք: Քրիստոս իրեն կը համեմատէր խաղողի որդատունկի հետ։ Խաղողէն կը պատրաստուի նաեւ Ս. Հաղորդութեան գինին, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի փրկարար արեան:

Կիրակի, 13 Օգոստոս, 2023-ին «Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի»  տօնին առթիւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատոյց Թեմիս Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու դպիրները: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ՝ բրշ. Շահէ սրկ. Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սօնա Արթինեանի:

Պատարագիչ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ  Քահանան իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ մաղթեց որ Ս. Մարիամ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ կատարուին բոլորին իղձերը ու յաղթահարուին կեանքի փորձութիւնները: 

Յաւարտ Ս. Պատարագին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ «Խաղողօրհնէք»ի արարողութիւնը, կազմակերպութեամբ Ծխական Խորհուրդի եւ եկեղեցւոյս ժրաջան  Տիկնանց Միութեան անդամներուն։ Տեղի ունեցաւ նաեւ՝ խորովածի սպասարկութիւն եւ հայկական շուկայի (Armenian Market) վաճառք:

Վարձքը կատար բոլորին:

Լուսանկարիչ՝ Վազգէն Քէշիշեան

Photo Credit: Vazken Keshishian Photography

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation