Community

ՊԷՔՃԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՔԱՐՈԶԵՑ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Published on
August 23, 2009

Յարութիւն Դերձակեան

S2

Գերմանիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գարեգին Սրբ. Արք. Պէքճեան, որ Ս. Մկրտութեան մը ուրախ առիթով հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր, օգտուելով այս առիթէն իր օրհնաբեր այցելութիւնը պարգեւեց Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին:

Այս առթիւ 23 Օգոստոս 2009 Կիրակի առաւօտ. հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Գարեգին Սրբազանի, որ հանդիսաւորապէս ու հրաշափառի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի և առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան:

Պատարագիչ Պէքճեան Սրբազանին առընթերակայ էր, եկեղեցւոյ օգնական հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ, գլխաւորութեամբ՝ Կարպիս Ա. Սրկ. Չիչէքեանի իսկ երգեցողութիւնները գեղեցկօրէն կատարուեցան դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սոնա Արթինեանի:

Տէրունական աղօթքէն առաջ Սրբազան հայրը խօսեցաւ ներշնչեալ քարոզներէն մին, բնաբան առնելով Տիրոջ երկու գլխաւոր պատգամները որոնցմէ մէկը սէրն է, իսկ միւսը մարդկային մտածելակերպի մէջ գոյութիւն ունեցող իբրև սիրոյ արդիւնք ամէն բան իրարու հետ բաժնելու պատգամը: Քարոզիչ Սրբազանը օրինակներով բացատրեց այս երկու պատգամները, որոնց մէ առաջինը Քրիստոսի կատարած անդամալոյծի մը բժշկութեան հրաշքն էր, որու համար Յիսուս ըսաւ «մեղքերդ ներուած են»: Երկրորդ պատգամի կապակցութեամբ բացատրեց երկու ընկերներու իրարօգնութեան մասին կարճ պատմուածք մը, որ լաւ մը կը տպաւորէր եւ կը հրաւիրէր հաւատացեալ ժողովուրդը իրարու հանդէպ ունենալ սէր եւ օգնելու պատրաստակամութիւն:

S1

Այնուհետեւ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կարգ մը ազգայիններու հոգիներուն ի հանգիստ, որմէ ետք արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Սրբազան հօր Պահպանիչով:
Յաւարտ Ս. Պատարագի հիւր Սրբազանը շրջապատուեցաւ նախկին բարեկամներու եւ համակիրներու կողմէ եւ առիթն ունեցաւ մտերմօրէն զրուցելու անոնց հետ:

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation