Community

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ԱՎԻՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑԻ

Published on
June 30, 2018

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ԱՎԻՆԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑԻ

Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2018-ի միջօրէին, ՀՀ Փոխվարչապետ մեծարգոյ Տիար Տիգրան Ավինյան եւ իրեն ընկերակցող Պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուին Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի։

Փոխվարչապետի գլխաւորած Պաշտօնական Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին, ՀՀ Փոխվարչապետի գրասենեակի ղեկավար`Սերժ Վարագ Սիսեռյան, ՀՀ Սփիւռքի Փոխնախարար Բաբկեն Տեր Գրիգորյան, Պատուիրակութեան Ղեկավարի Տեղակալ՝ Արա Մկրտչյան, Թրանսփորթի եւ Տեղեկատուական Տեխնոլոկիաներու Նախարարի առաջին տեղակալ՝ Հակոբ Արշակյան, Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու Նախարարի տեղակալ՝ Մանէ Ադամեան, ՀՀ Փոխվարչապետի օգնական՝ Վիքթորիա Այինյան, Հայաստանի մէջ Միջազգային Առեւտուրի թիմի ղեկավար՝ Նարեկ Ալեքսանյան, Business Armenia Միջազգային Համագործակցութեան բաժնի ղեկավար՝ Ալինա Եղիազարյանը եւ Business Armenia ընկերութեան ներկայացուցիչներ։

Յարգարժան հիւրերը դիմաւորուեցան Ս. Երրորդութիւն Հայց Առաք. եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ Զարգարեանի, Ս. Աստուածածին Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Գերշ. Տ. Գեղարդ Ծյր. Վրդ. Քիւսպէկեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերշ. Հ. Եղիա Վրդ. Քիրէճեանի, Թորոնթոյի Միջ յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեանի, Գանտահայ Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեանի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Ռոզին Իմաստունեանի եւ խորհուրդի ներկայացուցիչներու կողմէ։

Հիւրերը Հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան եկեղեցի եւ մասնակցեցան մոմավառութեան, աղօթելով համայն Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի բարօրութեան համար։

Հիւրերը այնուհետեւ հիւրասիրութեան սեղանի շուրջ հանդիպում ունեցան Թորոնթոյի Հայ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։

Փոխվարչապետ Տիար Ավինեան հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՀ վերջին շրջանի քաղաքական իրադարձութիւներուն եւ տնտեսական կեանքի զարգացման մասին։ Յաջորդաբար Համայնքի Հոգեւոր Հայրերը անդրադարձ կատարեցին թորոնթոհայ համայնքի զաւակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու համերաշխ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ համայնքի հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կրթական կեանքի աշխոյժ գործունէութեան մասին։

Հոգեւոր հայրերը եւ ներկաները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին շարունակելու իրենց անմնացորդ աջակցութիւնը հայրենիքի զօրացման եւ վերաշինութեան սրբազան առաքելութեան։

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation