Community

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒ ՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Published on
May 30, 2014

Արշալոյս Գանտահարեան

Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Տարեցներու Օրուայ տօնակատարութիւնը տարբեր ընթացք ստացաւ այս տարի։ Այսպէս, քանի որ Համբարձման օրուայ տօնակատարութիւնը շատ մօտ էր Տարեցներու տարեկան հիւրասիրութեան, որոշուեցաւ երկու կարեւոր միջոցառումները միատեղել Ս. Ե. Հ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող Այցելութեան Յանձնախումբի համագործակցութեամբ։

Հրաւէներ ուղարկուեցան տարեցներու տուներու վարչութեանց, գաղութիս հայկական կազմակերպութեանց եւ ընդհանրապէս համայնքիս տարեցներուն, զիրենք հրաւիրելով այս միացեալ ձեռնարկին, որը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2014-ին։

Այդ օրը, ժամը 11։00-ին արդէն բաւական թիւով տարեցներ եւ հրաւիրեալներ ժամանած էին եկեղեցի, ուր Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան մատուցեց Ս. Պատարագ եւ բաշխեց Ս. Հաղորդութիւն։ Աւարտին, իր քաջալերական եւ մխիթարական խօսքին մէջ շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Հայրեր՝ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան, Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեան եւ Տ. Արէն Վրդ. Շահինեան, որոնք Թեմական Ժողովի մասնակցելու համար քաղաքս կը գտնուէին։

Հոգեպէս բաւարարուած՝ ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահը, ուր գեղեցկօրէն զարդարուած սեղանները գարնանային շունչ էին բերած ներս։ Յանձնախումբերու տիկինները ջերմօրէն դիմաւորեցին հիւրերը եւ զանոնք առաջնորդեցին որոշուած տեղերը։

Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագլին Իսաղուլեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց Տէր Հայրը, որ օրհնէ սեղանները։

Ախորժաբեր աղանդերները եւ տիկնանց կողմէ պատրաստուած ճաշն ու անուշեղէնը ճաշակելէ վերջ, տեղի ունեցաւ Համբարձման Տօնի յատուկ վիճակի բաժինը։ Կողովներու մէջէն քաշուած վիճակի քառեակները աշխուժութիւն բերին մեր տարեցներուն։ Ոմանք չէին կրնար կարդալ, բայց կարդացուածը կը հասկնային եւ վայրկեանի մը համար կ'ապրէին իրենց երիտասարդութեան օրերը։

Տէր Հօր առաջնորդութեամբ սեղաններուն դրուած հայկական ուրախ երգերուն մասնակցեցաւ գրեթէ ամէն ոք։ Պրն. Մինաս Սէլեան, իր իւրայատուկ ձայնով ու ոճով երգեց «Աղուէսը նստեր ...» երգը՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութեան։

Այցելութեան Յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Տիկ. Նորա Պալթայեան։ Ան անգլերէնով եւ մէկ առ մէկ ներկայացուց օտար վարչութեանց ներկայ անդամները եւ հայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ յանձն առած էին մեր մամիկներն ու պապիկները բերելու եւ ուրախ օր մը անցընելու՝ հայկական մթնոլորտի մէջ։

Տիկ. Պալթայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր տիկիններուն, անդամուհի կամ ոչ, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կազմակերպած էին այսպիսի հաճելի ցերեկոյթ մը։
Տիկիններու շուրջպարով վերջ գտաւ այս ուրախ եւ զուարճալի օրը։ Արդէն ժամն էր մեկնելու։ Բոլորն ալ բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին, իրենց հետ տանելով անմոռանալի օրուայ մը յիշատակները։

Նկարներ... Photos...

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation