Community

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Published on
June 27, 2014

Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 8, 2014-ին եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ:

Սուրբ Պատարագէն ետք սրահը լեցուեցաւ հրաւիրեալ հիւրերով, բարերարներով եւ ծնողներով: Ներկայ էին եկեղեցւոյս Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Թէքէեան մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Ազնիւ Սալիպեան, Դստերք Վարդանանց «Արտեմիս Օթեակ»ի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Լուիզա Քէրիմ, Կիրակնօրեայ վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Տիկ. Սեդա Գանտահարեան, Սբ. Սահակ-Սբ.Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Արփի Փանոսեան, պատուական հիւրեր եւ ծնողներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտներուն մուտքով, որոնք բեմ բարձրանալով գրաւեցին իրենց տեղերը:

Բացումը կատարուեցաւ «Հայր Մեր»ով, վարժարանիս քայլերգով եւ շարականով: Տիկ. Հռիփսիմէ Սիմոնեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք սկսաւ հանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը: Այս տարուայ նիւթն էր «Աղօթք»ը, զոր մեր աշակերտները անխտիր գերազանց ձեւով ներկայացուցին: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր բաժինը բերաւ այս հանդէսին կարդալով, արտասանելով սաղմոսներ, առակներ - բոլորը քաղուած Աստուածաշունչէն:

Հանդէսի աւարտին մեր աշակերտները թատրոն մը ներկայացուցին «Այրի Կնոջ Լուման» զոր գերազանցօրէն պատրաստած էին: Ապրի'ք Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներ: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը որ մեր տիպար, ժրաջան եւ ծառայասէր աշակերտներուն իբրեւ մրցանակ «Աստուածաշունչ»ի օրինակ մը յանձնէ։ Նուէրներ տրուեցան նաեւ օգնականներուն եւ մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներուն, որոնք ամենայն նուիրումով եւ հոգատարութեամբ կրօնական դաստիարակութիւն կը սերմանեն մանուկներուն հոգիներուն մէջ:

Այս տարի մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներէն տիկիններ Ալիս Աքչասու եւ Հռիփսիմէ Սիմոնեան ստացան յուշատախտակ Կիրակնօրեայ Վարժարանին 10-ամեայ ծառայութեան համար, ձեռամբ Տէր Հօր եւ արժանացան գնահատանքի ջերմ մաղթանքներու ու ծափողջոյնի ներկաներուն կողմէ։ Ապա Տէր Հայրը իր սրտի գնահատանքի խօսքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանին եւ նուիրեց Օրդ. Սրբուհի Էվրանին հրաշագործ «Այբուբենի» ցուցափեղկը, որ մեծ անակնկալ էր Տիկ. Սօսիին: Յիշատակի նկարներ առնուեցան բոլորին հետ:

Տէր Հայրը իր մաղթանքները փոխանցեց աշակերտներուն, շնորհաւորեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, օգնականները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին: Տնօրէնուհի Սօսի Պարունեանը կարդաց տարուայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն ի մասնաւորի մրցանակ յանձնողներուն՝

Դստերք Վարդանանց «Արտեմիս Օթեակ»ի
Վարդանանց Ասպետներու «Ալիշան Դահլիճ»ի
Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Տիկին Սիրվարդ Միքայէլեանին
Տիկին Սեդա Գանդահարեանին
Տիկին Լուիզա Քերիմին
Օրդ. Սրբուհի Էվրանին

Ապրին մեր աշակերտները: Մեծ գնահատանքը կ'երթայ ծնողներուն, որոնք ամենայն զոհողութեամբ եւ ճիգով կը բերեն իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ Վարժարան, ստանալու կրօնական, հայկական եւ հաւատքի դաստիարակութիւն:

Շնորհիւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անխոնջ աշխատանքին այս սուրբ վարժարանը դարձուցած են մտերմիկ, հարազատ եւ տաքուկ տունի մը, մեծ ընտանիքի մը: Այս բոլորը յառաջ կու գայ անշահախնդիր ծառայութենէ, սէրէ եւ ազնիւ ոգիէ: Ոչ մէկ խօսք կամ բառ չի կրնար ճշմարիտ ձեւով գնահատական տալ մեր ուսուցչուհիներուն տարած աշխատանքին:

Շնորհիւ մեր նուիրեալ ծնողներուն եւ ուսուցչուհիներուն, հիւրասիրութեան սեղան մը սարքուած էր եւ բոլոր հիւրերը հիւրասիրուեցան, միաժամանակ առիթը ունեցան դիտելու աշակերտներուն ձեռային աշխատանքները, որոնք պատրաստուած էին ամբողջ տարուայ ընթացքին:

Տէր Հօր «Պահպանիչ»ով ծնողք ու ներկաներ ուրախ եւ հպարտ հրաժեշտ տուին ուսուցչուհիներուն՝ վերամուտին տեսնուելու յոյսով:

Բարի եւ ապահով արձակուրդ

Ցտեսութիւն բոլորին:

Սօսի Պարունեան, Տնօրէնուհի

Նկարներ.... Photos....

IMG_3457C
Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation