Community

ԵՐԳԵՐ ՓՈԽԱՆ ԽՕՍՔԻ

Published on
May 15, 2011
Late Araxi Kassardjian

Տիկին Արաքսի Գասարճեանի Յիշատակին

Մայիս 15, 2011

Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան,
Սիրելի հայրենակիցներ, Ս. Երրորդութիւն. Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասի կողմէն բարի գալուստ կըմաղթեմ բոլորիդ Արաքսի Գասարճեանին քառասունքին յիշատակի այս հանդիսութեան:

Այս առիթով Եկեղեցւոյս Դպրաց Դասը պիտի ներկայացնէ երեք երգ՝ Փունջ մը, որամփոփ կը ներկայացնէ Տիկ. Արաքսիի անձը՝ ինչպէս մենք, իբր դպրաց դասիանդամներ, բախտաւորութիւնը, պատիւն ու ուրախութիւնը ունեցանք վայելելու:Անձ մը որ մեր բոլորին համար եղաւ օրինակելի եւ տպաւորիչ իր ազնուութեամբ,հիւրասիրութեամբ, համբերատարութեամբ, հոգածութեամբ, գուրգուրանքով եւհայրենասիրութեամբ:

Այս երգերուն ընդմէջէն կ'ուզենք տօնել Տիկ. Արաքսիի նուիրական կեանքը հանդէպմեր գաղութին, եկեղեցւոյ եւ դպրաց դասին, օրինակ վերցնելով հետեւեալ երեքերգերը.

Այսօր Երկնայինքն Ուրախացան – Հոգեգալստեան շարականը, որ կ'երգենք Ս.Պսակի արարողութեան սկիզբը: Տիկ. Արաքսին իր քառասուն տարիներուծառայութեան ընթացքին երգեհոնով մասնակցեցաւ մեզմէ շատերու պսակներուն,արարողութենէն առաջ պսակուողներուն համբերութեամբ բացատրելով ծէսիկանոնը:


Վարանիմք ի Մեղաց – Աստուածածնայ նուիրուած միջնադարեան տաղ մը, որունմիջոցաւ մենք կը փափաքինք յիշատակել Տիկ. Արաքսիին մեր բոլորին հանդէպցուցաբերած մայրական ջերմ գուրգուրանքը, ուղղութիւնները, ճշդումներն ունկատողութիւնները:


Ո՜վ Հայոց Աշխարհ – թէեւ հակիրճ, սակայն լուռ ու խորունկ հայրենասիրականզգացումներ արտայայտող երգը, որ ան ներշնչումով կը նուագէր գրեթէ ամէնՊատարագէ ետք, երբեմն Major-ի փոխելով երգի վերջին ձայնանիշը՝ ցոյց տալով իրմշտական լաւատեսութիւնը:

Շնորհակալութիւն

Շահէ Ալթունեան

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation