No items found.

COMMUNITY UPDATE Holy Trinity Armenian Church Community Development Project

Published on
August 12, 2026

COMMUNITY UPDATE
Holy Trinity Armenian Church Community Development Project
920–930 Progress Avenue, Toronto

Dear Members of Our Community,

We are pleased to share another positive update regarding the proposed Holy Trinity Armenian Church Community Development Project.

We are excited to announce that the Cityof Toronto officially deemed our Zoning By-law Amendment application completeon June 24, 2026, marking a significant milestone for the project and formally initiating the City's zoning approval process. This is an important step forward and reflects the continued advancement of the project through the municipal planning process.

As part of this next stage, official public notice signs will be installed on the property in the coming weeks.These signs are a standard requirement of the City's planning process and provide information about the applications currently under review.

Together, the City's complete application determination and the installation of the notice signs represent another important milestone for our project. With each step completed, we move closer to obtaining the necessary municipal approvals and commencing construction of this transformational development.

The proposed development includes seniors housing, community centre, daycare, gymnasium, residential uses, and enhanced facilities for our Church—creating a place where people of all ages can gather, connect, and thrive.

We remain encouraged by the progress achieved to date and are grateful for the continued support of our parishioners, neighbours, community members, and our municipal and provincial partners. As you have seen through the recent public meeting and the continued advancement of the planning process, this vision is steadily becoming a reality. We look forward to sharing additional updates as the project progresses through municipal approvals and toward the commencement of construction.

Thank you for your continued support and prayers, and Let Us Build Together to bring this important vision to life.

Holy Trinity Armenian Church
Community Development Project Team


ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. ԱռաքելականԵկեղեցւոյ Համայնքային Զարգացման Ծրագիր
920–930 Progress Avenue, Toronto

Սիրելի՛ համայնքի անդամներ,

Ուրախ ենք ձեզի հաղորդելու նոր դրական զարգացում մը՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջարկուած Համայնքային Զարգացման Ծրագրին վերաբերեալ։

Մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Թորոնթոյի Քաղաքապետարանը 24 Յունիս 2026-ին պաշտօնապէս ամբողջական համարած եւ ընդունած է Գօտիաւորման Կանոնակարգի Փոփոխութեան մեր դիմումը։ Այս զարգացումը կարեւոր հանգրուան մըն է մեր ծրագրին համար եւ պաշտօնապէս սկիզբ կը դնէ քաղաքապետարանի կողմէ կատարուելիք գօտիաւորման հաստատման գործընթացին։ Այս կարեւոր քայլը կը նշանակէ, որ ծրագիրը հետեւողականօրէն կը յառաջանայ քաղաքապետարանի ծրագրաւորման գործընթացին մէջ։

Այս նոր հանգրուանին ծիրին մէջ, յառաջիկայ շաբաթներուն ծրագրի տարածքին վրայ պիտի տեղադրուին հանրային իրազեկման պաշտօնական ցուցանակներ որոնք քաղաքապետարանի ծրագրաւորման գործընթացին սովորական պահանջներէն մէկն է եւ կը ծառայէ հանրութիւնը տեղեկացնելու ներկայիս քննուող դիմումներուն մասին։

Իւրաքանչիւր հանգրուանի ամբողջացումով քայլ մը եւս կը մօտենանք քաղաքապետական անհրաժեշտ հաստատումներուն ստացման եւ այսվերափոխիչ ծրագրի շինարարութեան մեկնարկին։

Առաջարկուած ծրագիրը կը ներառէ տարեցներու համար նախատեսուած բնակարաններ, համայնքային կեդրոն, մանկամսուր, մարզասրահ, բնակելի տարածքներ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ համար բարեկարգուած տարածքներ՝ ստեղծելով միջավայր մը, ուր բոլոր տարիքի մարդիկ կրնան համախմբուիլ, կապեր հաստատել եւ զարգանալ։

Մինչեւ այսօր արձանագրուած յառաջընթացը մեծապէս կը քաջալերէ մեզ։ Խորապէս երախտապարտ ենք մեր հաւատացեալներուն, համայնքի անդամներուն, դրացիներուն,  ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ նահանգային մակարդակներու մեր գործընկերներուն՝ իրենց շարունակական աջակցութեան համար։ Վերջերս կայացած հանրային հանդիպումն ու ծրագրաւորման գործընթացին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը կը վկայեն, որ այս տեսլականը քայլ առ քայլ իրականութիւն կը դառնայ։ Անհամբեր կըսպասենք ձեզի հետ բաժնելու նոր զարգացումները, մինչ ծրագիրը կը յառաջանայ քաղաքապետական հաստատման գործընթացներուն մէջ եւ մենք կը մօտենանք շինարարութեան մեկնարկին։

Շնորհակալութիւն ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար։ Եկէ՛ք միասնաբար կառուցենք եւ կեանքի կոչենք այս կարեւոր տեսլականը։

Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցի
Համայնքային Զարգացման Ծրագրի Յանձնախումբ

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

No items found.
Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation