No items found.

Արարատ Ճամբար 2026

Published on
August 16, 2026

Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ին, Գանատահայոց Թեմի կազմակերպած «Արարատ» Ճամբարը սկիզբ առաւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն, ուրկէ մասնակից պատանիներն ու երիտասարդները ճամբայ ելան դէպի Cedar Ridge Camp։

Առաւօտեան ժամը 9։00-էն սկսեալ, մասնակիցները իրենց ընտանիքներուն հետ ժամանեցին եկեղեցի եւ հաւաքուեցան Մակարոս Արթինեան սրահին մէջ, ուր կատարուեցան վերջին պատրաստութիւնները։

Սրահը լեցուած էր երիտասարդներու եւ իրենց ընտանիքներու ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտով։Պատրաստութիւններու աւարտին, մասնակիցներն ու իրենց ընտանիքները մուտք գործեցին եկեղեցի։

Այս տարի եւս «Արարատ» Ճամբարին կը նախագահէ Սէնթ Գաթրինզի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Համիլթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Մանուկեան։ Տէր Հրանդը ներկաներուն ներկայացուց Նիւ Եորքէն ժամանած Վրէժ Կիսասարկաւագը՝ զոր ամբողջ Ճամբարի ընթացքին պիտի ընկերակցի երիտասարդներուն՝ իր մասնակցութիւնը բերելով հոգեւոր կեանքին ու զանազան ծրագիրներուն։Յատուկ աղօթքէն ետք, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, իր խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն՝ բարի ճանապարհ եւ օրհնաբեր ճամբար մաղթելով անոնց։

Տէր Զարեհ անդրադարձաւ «Արարատ» Ճամբարի կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ այս մէկ շաբաթը գեղեցիկ առիթ մըն է հայ երիտասարդներուն համար միասին ըլլալու, նոր բարեկամութիւններ հաստատելու, իրենց հաւատքը խորացնելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու հայկական ինքնութեան հետ իրենց կապը ամրապնդելու։Տէր Հայրը նաեւ քաջալերեց երիտասարդները, որ ճամբարի ամբողջ ընթացքին կարելի եղածին չափ հայերէն խօսին իրարու հետ՝ այս մէկ շաբաթը դարձնելով նաեւ հայերէնը գործածելու եւ իրենց առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ զայն աւելի կենդանի պահելու գեղեցիկ առիթ մը։

Տէր Զարեհի խօսքէն ետք, հոգեւորականները, երիտասարդներն ու իրենց ընտանիքները միասնաբար յիշատակի խմբանկարներ նկարուեցան։ Ապա երիտասարդները հրաժեշտ տուին իրենց ընտանիքներուն եւ ճամբայ ելան՝ սկսելու իրենց մէկշաբաթեայ Ճամբարը։«Արարատ» Ճամբարի հիմնական նպատակն է մէկտեղել մեր հայ պատանիներն ու երիտասարդները եւ անոնց համար ստեղծել միջավայր մը, ուր անոնք կրնան միասին ապրիլ իրենց հաւատքն ու հայկական ինքնութիւնը։«Արարատ» Ճամբարի մասնակիցները Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին պիտի վերադառնան Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի՝ իրենց շաբաթօրեայ ճամբարային ծրագիրը աւարտելէ ետք։

Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

No items found.
Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation