97th Anniversary Fundraising Banquet

Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ին, յաւարտ Սբ. Պատարագին, տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի հիմնադրութեան 97-րդ տարեդարձի հանգանակային ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովնանեանի, ներկայութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի եւ Հոգեւոր Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի։
Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով օրուայ հանդիսավարներն էին, Անի Միրզայեան եւ Դերիկ Աղամալեան։ Ճաշկերոյթին հիւրաբար ներկայ էին Օնթարիօ Նահանգի Երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վերապատուելի Զոհրապ Սարգիսեան, Միջ-Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան, «Պապայեան» Հիմնադրամի ներկայացուցիչներ՝ Տիար Շահան Տէյիրմէնճեան եւ Տիար Ճորճ Յակոբեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ատենապետ՝ Տիար Վազգէն Ալթունեան, Թորոնթոյի Հայ Ակումբի Ատենապետուհի՝ Տիկ․ Անաբէլ Շարոյեան։
Օրուայ գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները, ներկայացնելով բացման հիմներգերը (Գանատայի եւ Հայաստանի), Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները՝ ներկայացանելով փունջ մը Ս. Ծննդեան երգեր։ «Սասուն» Պարախումբը, որ հիանալի կատարողութեամբ ներկայացուց հայկական ժողովրդային պարեր։ Մթնոլորտը առաւել եւս ճոխացուց «Բարեւ» նուագախումբը։ Յաջորդաբար սրտի խօսք արտասանեցին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Պետրոսեան, Երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեան, Պապայեան Հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Տիար Շահան Տէյիրմէնճեան։
Իր սրտի խօսքէն ետք, տարեկան գնահատագրերը ներկայացուց՝ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, ըստ հետեւեալին, Տարուայ Երիտասարդը՝ Ռուբէն Օհանեան, Տարուայ Երիտասարդուհին՝ Սեդա Տէր Օհանեան, Տարուայ Մարդը՝ Պերճ Բարսեղեան, Տարուայ Կինը՝ Ռոզին Իմաստունեան եւ Տարուայ Ընտանիքը՝ Անի Կէնճ, Հաքան Գարաթաշ եւ զաւակները՝ Հայկօ, Մարիամ, Սառա եւ Ազատ։ Եկեղեցւոյ Սբ. Խաչ բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Տիկ. Ռոզ Մարի Դանիէլեան երկար տարիներու իր ծառայասէր գործունէութեան համար։
Սրբազան հայրը Օրհնութեան խօսքի ընթացքին, Առաջնորդարանի Սբ. Էջմիածնի շքանշանով պարգեւատրեց՝ Տիար Մասիս Աֆարեանը, Տիկին Լենա Ուզունեանը եւ Տիար Յակոբ Ճանպազեանը իրենց անսակարկ եւ երկարեամեայ ծառայութիւններուն համար։ Տիար Օհան Օհանէսեան յուշանուէրով մը պարգեւատրուեցաւ երկարամեայ եւ անձնուէր իր գործունէութեան համար։
Լուսանկարիչ՝ Պերճ Բարսեղեան


