Community

Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Published on
February 6, 2018

Փետրուար 8, 2018-ին Հայց. Առաք. Եկեղեցին կը յիշատակէ 451 թուականի Մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին իրենց հայրենիքի, հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէական հաւատքի համար նահատակուած Վարդանանց զօրավարներու եւ մարտիրոսներու տօնը: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հաստատուելէն ի վեր Հայ եկեղեցին գործօն մասնակցութիւն բերած է հայրենիքի պաշտպանութեան պայքարին:

Պարսից Հազկերտ թագաւորը` 449թ.-ին հրովարտակ կ'արձակէ, որով Պարսից իշխանութեան տակ գտնուող բոլոր հպատակները պէտք է ընդունէին զրադաշտական կրօնը: Հայ նախարարները սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի եւ Յովսէփ Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Արտաշատի մէջ ժողով կը գումարեն եւ Հազկերտին պատասխան կը գրեն, որ քրիստոնէական հաւատքէն ո'չ մէկ ոյժ կրնայ իրենց զատել:

Պատասխանը խիստ կը զայրացնէ Հազկերտին, եւ 451թ. գարնան պարսից զօրքը կը մտնէ Հայաստան եւ կը հասնի Վասպուրականի Արտազ գաւառի Տղմուտ գետի ափը՝ Աւարայրի դաշտը: Պարսից զօրքը հայկական բանակէն 3 անգամ աւելի էր: Պարսից զօրքերու դէմ մղուած ճակատամարտիի ընթացքին հայ մարտիկներու կողքին էր նաեւ Հայոց եկեղեցին՝ Յովսէփ կաթողիկոսի եւ Ղեւոնդ Երէցի առաջնորդութեամբ:

Մարտէն առաջ հայ հոգեւորականները ոչ միայն կը քաջալերէին զօրքը, այլեւ մկրտութեան եւ Ս. Պատարագի խորհուրդով առաւել ամրապնդեցին զինուորներու հաւատքն ու ոգին: «Եւ սեղան կանգնեցնելով` ամենասուրբ խորհուրդը կատարեցին, պատրաստեցին նաեւ աւազան մը, եւ եթէ բանակի մէջ չմկրտուած մարդ կար, ամբողջ գիշերը մկրտուեցան: Եւ առաւօտեան բոլորը Ս. Հաղորդութիւն ստացան», կը գրէ Եղիշէ պատմիչը:

Մայիս 26-ին կը սկսի անհաւասար ճակատամարտը, որուն ընթացքին իր զինուորներու կողքին մարտնչեցին ու իրենց մահկանացուն կնքեցին Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը, հայոց նախարարներ՝ Արտակ Պալունին, Խորէն Խորխոռունին, Հմայեակ Դիմաքսեանը, Տաճատ Գնթունին, Արսէն Ընծայեցին, Ներսէհ Քաջբերունին, Վահան Գնունին Գարեգին Սրուանձտեանը: Եղիշէ պատմիչը, որ ներկայ էր պատերազմի ողջ ընթացքին հետագային իր «Վարդանի եւ Հայոց Պատերազմի Մասին» գրքին մէջ կ'ըսէ. « Քաջեր էին ելած քաջերու դէմ, և ոչ մէկ կողմը յաղթեց»: Իսկ ապագայ սերունդները պիտի ըսէին, թէ Աւարայրի ճակատամարտին հայերը տարին բարոյական յաղթանակ, քանզի պահեցին իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ ազգային կրօնը:

Հայց. Առաքելական եկեղեցին Աւարայրի ճակատամարտին զոհուած մարտիկները դասեց տօնելի սուրբերու շարքը՝ անոնք կոչելով Ս. Վարդանանք: Վարդանանց տօնին Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ եւ հայկական բոլոր եկեղեցիներէն ներս կը մատուցուի Ս. Պատարագ:



Share this article

Subscribe to Our Newsletter

Stay connected with the latest news, events, and updates from our church community.

Thank you! We have received your submission!
Oops! There was an error submitting the form.

Other News Articles

|
Community
Spiritual

Interfaith Breakfast Hosted by Mayor Olivia Chow in partnership with the Toronto Area Interfaith Council

|||
Spiritual
Community

The 41st Annual Assembly of the Armenian Diocese of Canada

||||
Spiritual
Community

Divine Liturgy on the Feast of the Apparition of the Holy Cross

Make a Donation
View Upcoming Events
View Upcoming Events
Make a Donation