ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 80 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 80 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Գարեգին ԱՅարութիւն Դերձակեան

Հովանաւորութեամբ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բագրատ Եպս. Գալստանեանի, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաք. եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ ՙ Կատարողական Արուեստներու Գանատահայ Ընկերակցութեան ՚ CAAPA ի, 18 Նոյեմբեր 2012 Կիրակի, յետ միջօրէին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ հոգեւոր եւ դասական համերգ ձօնուած՝ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 80 ամեակին առթիւ։

Հանդիսութեան կը նախագահէր թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բագրատ Սրբազան, դասին մէջ ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անմիջական ազգականները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը որոնք լեցուցած էին ընդարձակ եկեղեցին յարգելու համար երանաշնորհ Հայրապետի յիշատակը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տէր Զարեհ քահանան, ողջունելով ներկաները յայտնեց թէ՝ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ հաւաքուած ենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ծննդեան 80 ամեակը յիշելու, ինչպէս նաեւ աղօթելու իր հոգիին խաղաղութեան համար։

Ապա իր մենահամերգին համար բեմ բարձրացաւ Հայաստանի օփերայի երիտասարդտաղանդաւոր երգչուհիներէն սոփրանօ Տաթեւիկ Աշուրեան։ Օր. Աշուրեանգերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի Պետական Երաժշտանոցը ստանալովմագիստրոսի աստիճան եւ յետոյ դարձած է Երեւանի Պետական Օփերայի եւՊալէ-Թատրոնի գլխաւոր մենակատարուհի, որ իր հնչեղ ու գեղեցիկ ձայնով, հոգեւորկրօնաշունջ ընտրեալ կտորներէ բաղկացեալ գեղեցիկ փունջ մը ներկայացուց ներկաներուն։Հոս մասնաւորաբար կ՜ուզենք շեշտել թէ՝ Տաթեւիկ Աշուրեան բացի մէկ կտորէ, բոլորերգերն ու շարականները մեկնաբանեց առանց երաժշտական նուագարանիընկերակցութեան, հիացում պատճառելով բոլորին։

Տէր Հայրը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Կաթողիկոսի անձին եւ գործունէութիւններուն մասին, յայտնեց թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ս. Էջմիածնի մէջ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Հայրապետական Աթոռին ժառանգորդը եղած է 1995-99 տարիներուն, ան կորովի հռետոր էր, քաջատեղեակ վեց լեզուներու, ծանօթ եւ յարգուած դէմք Միջ-եկեղեցական շրջանակի եւ գլխաւորաբար Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մէջ որ իր անժամանակ վախճանումով հայ ժողովուրդը կորսունցուց իմաստուն ու հայրախնամ առաջնորդ մը, քրիստոնեայ եկեղեցւոյ իրաւ ՙ Երէց Հոգեւոր Պետ ՚մը։

Ms Tatevik Ashuryan

Օր. Աշուրեան իր յայտագրին սկսաւ Նարեկացիի ՙ Հաւուն Հաւուն ՚ կտորով, ապայաջորդաբար մեկնաբանեց  Կոմիտասի ՙ Անտունի՚, Մէյխանեճեանի ՙ Տէր Ողորմեա ՚շարականը եւ յայտագրին առաջին մասը վերջացուց Պապաճանեանի ՙ Յորժամ ՚ կտորով։

     Դաշնակահար Էլիզապէթ Քլիմէնքօ Պրամսին ՙ Intermezzo A major op. 118, no.2 ՚դասական կտորը գեղեցկօրէն մեկնաբանեց ու արժանացաւ ջերմ գնահատանքի։ Գեղեցիկպոչաւոր Baldwin դաշնակը որ առաջին անգամ ըլլալով այս առիթով գործածուեցաւ,եկեղեցիին նուիրուած էր նախկին Պոլսահայ այժմ Թորոնթոյաբնակ ազգայիններէն Տէր եւՏիկին Կարպիս Նորեաններու կողմէ։

     Տաթեւիկ Աշուրեան  Կանաչեանի ՙ Օրօր ՚ ով յայտագրին երկրորդ մասին սկսաւ եւշարունակեց Կոմիտասի ՙԿռունկ ՚, Տիգրանեանի ՙ Անուշի արիան ՚ եւ այս անգամ դաշնակիընկերակցութեամբ՝ Էլիզապէթ Քլիմէնքոյի մեներգեց Տոլուխանեանի ՙ Ծիծեռնակ ՚ երգը որովվերջացուց իր յայտագիրը։  Որպէս պիսի կտոր երգեց Կոմիտասի ՙ Լորիկ ՚ը։ Օր. Աշուրեանիր իւրայատուկ ոճով, քնքուշ երգեցողութեամբ՝ խլելով բուռն ծափահարութիւններ ստացաւբազմաթիւ ծաղկեփունջեր։

     Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդէս գալով հուսկ բանքը կատարեց, վերյիշելով իրհոգեւոր հօր անգնահատելի արժանիքները, հօրենական խրատներն ու անմոռանալիյիշատակները, որոնցմէ մին պատմելով յուզեց ներկաները, ապա շնորհաւորեց երիտասարդու շնորհալի արուեստագիտուհին, մաղթեց իրեն յարատեւ յաջողութիւն։

   18 Նոյեմբեր Կիրակի, առաւօտ Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաք. եկեղեցւոյ մէջՍ. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ.Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի։ Արարողութեան կը հանդիսապետէր թեմակալ Առաջնորդ՝Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեան,  Ս.խորանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Զարեհ Ա. եւՏ. Միւռոն քահանայ հայրեր:

sIMG_8164

sIMG_8171

Յընթացս Ս. Պատարագի Բագրատ Սրբազան Հայաստանի մէջ իրենց դպրոցականշրջանին Արմաշ Սրբազանի հետ իր ունեցած  մտերմութենէն դրուագներ պատմեց եւհրաւիրեց զինք որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։ Արմաշ Սրբազան հիւթեղ քարոզ մըտուաւ բնաբան առնելով Պօղոս առաքեալի հռոմէացիներու ուղղած նամակէն ՙ Արդ`այսուհետեւ խաղաղութիւն ընտրեցէք եւ աշխատեցէք իրարու հաւատքը ամրապնդել ՚։Սրբազանը այս բնաբանը առնելով խօսքերը շարունակեց եւ ըսաւ ՙ Այս հատուածը այնքանմխիթարական , այնքան շինիչ եւ այնքան կենսատու կը հնչէ այսօր երբ կը հրաւիրեմ ձեզիըսելու թէ այնուհետեւ խաղաղութիւն կ՜ընտրենք եւ կ՜աշխատինք իրարու հաւատքըամրապնդել՚։

      Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր Հոգեհանգստեան ՊաշտօնԳարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ կարգ մը ազգայիններու հոգիներուն իհանգիստ։

      Այնուհետեւ եկեղեցւոյ ՙ Մակարոս Արթինեան ՚ սրահին մէջ Արմաշ Եպս.Նալպանտեան Սուրիահայութեան ներկայ վիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ուհայութիւնը յուզող զանազան հարցումներուն սիրով պատասխանեց։

sIMG_8182 sIMG_8180 s Toronto 1118121

Back
Donate