Տարեցներուն Այցելութիւն

Տարեցներուն Այցելութիւն

Երկուշաբթի՝ Դեկտ. 10, 2019-ին, Թորոնթոյի Ս.Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Այցելութեան Յանձնախումբը տօնական օրերու հանդիպող, կազմակերպած էր ամսուայ ճաշի սպասարկութիւն մը, North York Health Centre հանգստեան տան մէջ:
Եկեղեցւոյ Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը Առաւօտեան Ժամերգութիւն կատարեց եւ Ս. Հաղորդութիւն բաշխեց:
   width=
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, տարեցներուն անակնկալ եղաւ եւ կաղանդուայ ուրախ երգերու ընկերակցութեամբ Կաղանդ Պապան ժամանեց եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ, տարեցներուն կաղանդչէքներ բաժնեց:
Խորին շնորհակալութիւն Այցելութեան Յանձնախումբի տիկիներուն, տարեցներու նկատմբ իրենց հոգատարութեան եւ նուիրումին համար:

 width=

 width=

Back
Donate