ANNOUNCEMENT

ANNOUNCEMENT

We are very pleased to announce, that on Tuesday, January 29th, 2019, the Armenian Holy Apostolic Church Canadian Diocese exercised its right of first refusal to purchase the Armenian General Benevolent Union (AGBU) property at 930 Progress Avenue, Scarborough, ON.

On November 11, 2018, a special membership meeting of the Holy Trinity Armenian Church (HTAC), was held under the auspices of His Grace Bishop Abgar Hovakimyan, Primate. The meeting mandated a committee appointed by the Parish Council “with regards to the Purchase and Sale Agreement between AGBU Armen Ontario and Centennial College for the AGBU property… to secure the necessary funds, and exercise, by January 2019, its first right of refusal to purchase the property by January 29, 2019.”

The mandated committee members, headed by Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar of the Diocese and Parish Priest of HTAC, are Ohan Ohanessian, Chairman Diocesan Council, Rosine Imasdounian, Chairlady Parish Council, Jack Stepanian, Chairman Board of Trustees and past Chairman of the Diocesan Council, and Ara Boyajian, past Chairman of the Diocesan Council and HTAC Construction Committee.

Based on extensive work, on January 23, 2019 the Committee presented its final findings and recommendations to the Parish Council and HTAC Delegates, the Diocesan Council and the Diocesan Board of Trustees, and obtained unanimous approval from all mentioned bodies and the direction to proceed and present its findings to the HTAC special membership meeting.

The committee is pursuing all pending tasks to complete the purchase transaction no later than February 28, 2019, and details will be provided at the dues paying members’ special meeting that will be convened soon.

DIOCESAN COUNCIL, Armenian Holy Apostolic Church Diocese of Canada
PARISH COUNCIL, Holy Trinity Armenian Church
BOARD OF TRUSTEES, Armenian Holy Apostolic Church Diocese of Canada

JANUARY 29, 2019 – TORONTO

*****

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Երեքշաբթի, Յունուար 29, 2019-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմը ի գործ դրաւ իր իրաւունքը՝ գնելու 930 Progress Avenue, Scarborough, ON-ի վրայ գտնուող Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ)-ի շէնքը։

Նոյեմբեր 11, 2018-ի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Անդամական յատուկ ժողովը գումարուեցաւ հովանաւորութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի: Սոյն ժողովը յանձնառու դարձուց Ծխական Խորհուրդի կողմէ նշանակուած յանձնախումբը, «ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի եւ Centennial College-ի միջեւ առ ու ծախի համաձայնութեան գծով ապահովելու պէտք եղած գումարը եւ մինչեւ 29 Յունուար 2019 իրագործելու կառոյցը գնելու իր առաջին իրաւունքը»։

Նշանակուած յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխ-Առաջնորդ եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, կը բաղկանան հետեւեալներէն. Օհան Օհաննէսեան՝ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ, Ռոզին Իմաստունեան՝ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի, Ժագ Ստեփանեան՝ ատենապետ Հոգաբարձութեան եւ նախկին ատենապետ Թեմական Խորհուրդի, Արա Պոյաճեան՝ նախկին ատենապետ Թեմական Խորհուրդի եւ Եկեղեցւոյ Շինութեան Յանձնախումբի։

Յետ երկարատեւ եւ մանրակրկիտ աշխատանքի, Յունուար 23, 2019-ին, Յանձնախումբը Ծխական Խորհուրդին, Եկեղեցւոյ Պատգամաւորներուն, Թեմական Խորհուրդին եւ Թեմական Կալուածոց Մարմնին ներկայացուց իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները եւ թելադրութիւնները եւ ստացաւ ներկաներու բացարձակ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած արդիւնքները փոխանցելու Եկեղեցւոյ Անդամական յատուկ ժողովին։

Յանձնախումբը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ ամբողջացնելու վերոյիշեալ գնման ծրագիրը մինչեւ Փետրուար 28, 2019։ Մանրամասնութիւնները պիտի ներկայացուին յառաջիկային գումարուելիք եկեղեցւոյ տրատու անդամներու յատուկ ժողովի ընթացքին։

ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի
ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
ԿԱԼՈՒԱԾՈՑ ՄԱՐՄԻՆ, Հայց. Առաք. Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի

Յունուար 29, 2019 – Թորոնթօ

Donate