Annual Membership Assembly of Holy Trinity Armenian Apostolic Church

Annual Membership Assembly of Holy Trinity Armenian Apostolic Church

Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Մատաթ Բ. Մամուրեան
Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ 101-րդ տարեկան Անդամական եւ Գանատահայ Համայնքներու Ծառայութեան «Բարեւ» Կեդրոնի տարեկան 5-րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Գանատահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի: Ժողովին ներկայ էին նաեւ թեմիս առաջնորդական փոխանորդ եւ Եկեղեցւոյս Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ Հովիւի Օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան եւ Թեմական Խորհուրդի փոխ ատենապետ՝ Պրն. Պետրոս Չինչինեան:


Դիւանի ատենապետութիւնը ստանձնեց Տիկ. Աբէթ Ալբայ, հայերէն ատենադպրութիւնը՝ Տիկ. Պէթի Փանոսեան, իսկ անգլերէնը՝ Տիկ. Լենա Մարինոսեան, իբր խորհրդարանական (parliamentarian)՝ Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան: Դիւանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Աբէթ Ալբայ, իրենց վստահուած պաշտօններուն համար:
Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ստուգելէ ետք ժողովի օրինաւորութիւնը, ելոյթ ունեցաւ բացման եւ բարի գալստեան խօսքերով: Ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը որ աղօթքով ընթացք տայ ժողովին:
Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանան ընթերցեց իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագրութիւնը, որ ընդունուեցաւ գնահատանքով: Վաւերացուեցաւ նախորդ Անդամական (2022) Ընդհանուր Ժողովի ատենագրութիւնը: Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Ռաֆֆի Պետրոսեան, Տիկ. Արմինէ Պօյաճեան, յաջորդաբար ներկայացուցին Ծխական Խորհուրդի եւ «Բարեւ» Կեդրոնի բարոյական տեղեկագիրները, որոնք ընդունուեցան գնահատանքով: Եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի նիւթական հաշուետուութիւնը ներկայացուց Տիկ. Արմինէ Պօյաճեան: Յետ քննութեան, ժողովականները գնահատանքով վաւերացուցին գործունէութեանց նիւթական տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ 2023 տարեշրջանի նախահաշիւը (Եկեղեցւոյ եւ «Բարեւ» Կեդրոնի):
Ընտրողական Յանձնախումբի տեղեկագիրը ներկայացուց Տիկ. Անի Սարվարեան:
Ընտրութիւններու արդիւնքը կու տանք ստորեւ.
Ծխական Խորհուրդ
Վարդան Գասպարեան, Տիգրան Վարդանյան եւ Վազգէն Քէշիշեան
Թեմական պատգամաւորներ
Օհան Օհաննէսեան եւ Մատաթ Բ. Մամուրեան
Հաշուեքննիչ Յանձնախումբ
Յակոբ Տօքմէճեան, Սիրվարդ Պէնէտիքթ եւ Արպի Սաթուրի
Ընտրողական Յանձնախումբ
Սուզաննա Յարութիւնեան եւ Ռօզին Իմաստունեան
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Եկեղեցւոյս Հովիւին տարած աշխատանքները, օրուայ դիւանի անդամները, Ծխական Խորհուրդի անդամները եւ նորընտիր անդամները, իսկ Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ անդամ Ճիվան Պապաօղլուին շնորհակալութիւն յայտնեց իր տարած աշխատանքին համար:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով փակուեցաւ Եկեղեցւոյս 101-րդ Ընդհանուր Անդամական Ժողովը:

ANNUAL MEMBERSHIP ASSEMBLY
OF HOLY TRINITY ARMENIAN APOSTOLIC CHURCH
Madat P. Mamourian
The 101st Annual Membership Assembly of the Holy Trinity Armenian Apostolic Church of Toronto and the 5th annual meeting of “Barev” Centre took place at 2:00 pm. on Sunday, March 26, 2023, in the “Magaros Artinian” hall. It was presided over by His Grace Bishop Abkar Hovagimian, Primate of the Armenian Apostolic Church, Canadian Diocese. Also present were Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar of the Armenian Apostolic Church, Canadian Diocese and Parish Priest; Rev. Fr. Hayari Tanashian, Pastor’s Assistant, and Mr. Bedros Chinchinian, Vice Chair of the Diocesan Council.
The assembly officers were elected as follows: Mrs. Apet Alpay, the chairperson, Mrs. Betty Panossian, recording secretary in Armenian and Mrs. Lina Marinosyan, recording secretary in English; and Mr. Madat P. Mamourian as parliamentarian.
Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Parish Priest welcomed the members who were present and invited the Primate to open the assembly with a prayer.
The Parish Priest also read the report of activities and functions he had covered over the past year. The report was approved and appreciated unanimously. The members also approved the minutes of the 2022 Annual Assembly. Mr. Raffy Bedrosyan, Chairperson of the Parish Council and Mrs. Armine Boyadjian presented the annual reports of the Council and the “Barev” Centre respectively. Both were approved unanimously. Mrs. Boyadjian also presented the financial report of the Church and the “Barev” Centre. After discussions, the members present approved the financial reports, as well as projected budget for the year 2023.

Mrs. Ani Sarvarian presented the Nominating Committee’s report. Here are the results of the elections:
Parish Council:
Vartan Kasparian, Tigran Vardanyan and Vazken Keshishian
Diocesan Council:
Ohan Ohannessian and Madat B. Mamourian
Auditing Committee:
Adrian Hagop Dokmejian, Sirvart Benedict and Arbe Satouri
Election Committee:
Susanna Haroutyunyan and Rosine Imasdounian
The Primate congratulated the Pastor for his dedicated work and mission, the Assembly Officers, the Parish Council along with its new members, and thanked Civan Babaoglu for the service he had offered as the Vice-Chair of the Council.
The 101st Annual Membership Assembly concluded with His Grace’s prayer.

Donate