Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95-րդ ամակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95-րդ ամակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95-րդ ամակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

Եկեղեցւոյ Մամլոյ Գրասենեակ

Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95-րդ ամակի Պաշտօնական Ճաշկերոյթը, եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կը վայելէր Գանատահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութիւնը։

Տօնակատարութեան ներկայ էին նաեւ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան, Նորին Գերազանցութիւն՝ Ազնուափայլ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, Օնթարիօ-Կիլուըտ շրջանի Երեսփոխան՝ Ազնուափայլ Տիկին Անտրէա Հէյզըլ եւ իր օգնականը։ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ՝ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Երէցկին Նայիրա Զարգարեանը, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանն ու Երէցկին Մակի Թանաշեանը, Քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր՝ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Քիրեճեանը, Հոգեւոր Հովիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաււորիչ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, Տէր Հարոլտ Քահանայ Նահապետեան, Անգլիկան Եկեղեցիեն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն՝ Տիկին Հռութ Տեմիրճեան, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի զաւակներ։ Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, թիւով շուրջ 230 հրաւիրեալներուն բարի գալուստ մաղթեցին հանդիսավարներ՝ Տիկին Անի Սարվարեան (Հայերէն) եւ Տիար Ռաֆայէլ Սաքարեա (Անգլերէն)։

Յաջորդաբար, ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Պետրոսեան, «Պապայեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Քնար Պասմաճեան եւ ՀՀ. Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեան, որոնք արդարօրէն արժեւորեցին Թորոնթոյի առաջին հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 95 ամեակի նշումը, շեշտելով համայնքէն ներս անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնն ու երկարամեայ գործունէութիւնը, հայրական հոգատարութեամբը՝ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի։ Երեսփոխան Տիկին Անտրէա Հէյզըլ եւս ներկայացուց այս առթիւ իր սրտի խօսքն ու շնորհաւորանքը։ Ճաշկերոյթի ընթացքին, մթնոլորտը ճոխացուց «Բարեւ» կեդրոնի «Բարեւ» նուագախումբը, որուն կ՛ընկերակցէր Լեւոն Գարակիւլլէեան հայկական ժողովրդային եւ աշուղական երգերու կատարողութեամբ։ Գերշ. Սրբազան Հօր եւ Արժ. Տէր Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած գնահատագրերու բաշխումը։ Այսպէս՝ Օրդ. Մեղեդի Թորոսեան ( Տարուայ Երիտասարդուհի), Տիար Արազ Զարգարեան (Տարուայ Երիտասարդ), Տիկ. Թալին Կիւմիւշճեան (Տարուայ Կին), Տիար վազգէն Քէշիշեան (Տարուայ Մարդ), Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Նռանէ Թաթեւոսյան եւ Հայկ Թաթեւոսյան (Տարուայ Ընտանիք) վերոյիշեալ տիտղոսներով պարգեւատրուեցան ստանալով նաեւ՝ յատուկ պատրաստուած յուշանուէրներ։ Եկեղեցւոյ մէջ 25 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան համար Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Սբ. Խաչ» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Բառոշնորհ Շահնուր Սարկաւագ Այնէճեան։ Ապա, Արժ. Տէր Զարեհ Աւ․ Քհնյ․ Զարգարեանը իր սրտի խօսքին մէջ շնորհաւորելով պարգեւատրուած անձանց, անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնց անշահախնդիր մօտեցումով կառուցուեցաւ Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցին, ճարտարապետութեամբ՝ Տիար Թագւոր Հոբեանի ։ Ան առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եկեղեցականներուն, հիւրերուն, եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, գրասենեակի քարտուղարուհիներուն, յարակից մարիններուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց օրուայ երկու հանիսավարներուն, որոնք այնքան հեզասահ կատարումով ղեկավարեցին Պաշտօնական այս ճաշկերոյթը։ Այնուհետեւ Գերշ. Աբգար Սրբազանը շնորհաւորեց Սբ․ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհրդին եւ յարակից կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր ծառայողներուն։ Ան յատուկ գնահատանքի խօսքով անդրադարձաւ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեանի երկարամեայ ու պտղաբեր ծառայութեան, զինքը պարգեւատրելով «Սուրբ Գևորգի մասունքով Խաչ» յուշադրամով։ Ճաշկերոյթը եզրափակուեց Սրբազան Հօր Պահպանիչ աղօթքով։

The 95th Anniversary Organizers

YOUNG LADY OF THE YEAR 2023 – Miss. Meghety Torossian


YOUNG MAN OF THE YEAR 2023 – MR. ARAZ ZARGARIAN

 

MAN OF THE YEAR 2023 – MR. VASKEN KESHISHIAN

LADY OF THE YEAR 2023 – MRS. TALINE GUMUSHDJIAN

HONORARY GUEST
H.E. Ms. ANAHIT HARUTYUNYAN
Ambassador Extraordinary and Plenipotentiary of the Republic of Armenia to Canada 

FAMILY OF THE YEAR: HRAIR, NRANE & HAYK TADEVOSYAN

DEACON SAHNUR AYNACIYAN
awarded with the Holy Cross Medal in recognition of his decades long devoted
services to the Church and the Community

 

 

 

Donate