Հրաւէր «ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՈԳԻՆ» Տեղեկատուական Հաւաքին

Հրաւէր «ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՈԳԻՆ» Տեղեկատուական Հաւաքին

Սիրելի Բարեպաշտ Հաւատացեալներ,

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի Հոգաբարձութիւնը սիրով կը հրաւիրէ Ձեզ ներկայ գտնուելու տեղեկատուական յատուկ ձեռնարկի, որ տեղի պիտի ունենայ 17 Նոյեմբեր, 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 1։30-ին, եկեղեցւոյս ներքնասրահին մէջ:

Մեծապէս ուրախ ենք, որ մեր մէջ հիւրաբար ներկայ պիտի գտնուի օրուայ բանախօս՝ Տիար Չարլզ Տէմիրճեան, Ատենապետ՝ Հայ Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի Տնօրէններու Խորհուրդին, Նիու Եորք։

Հակիրճ Ելոյթներով պիտի ներկայանան նաեւ Փաստաբան Րոպըրթ Ատուրեան, ներկայացնելով՝ կտակ, աւանդ, կալուածի ծրագրում նիւթերը եւ Հաշուապահ Տիար Հրանդ Մաթոսեան՝ CPA, CGA, CFP, պիտի ներկայացնէ նիւթական ներդրում եւ տուրքերու ծրագրում, հիմնադրամի նուիրատուութիւն կատարելու առաւելութիւններու մասին:

Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամներու կողմէ համառոտ ակնարկով պիտի ներկայացուի Հիմնադրամի գործունէութիւնը։

Ձեռնակին պիտի յաջորդէ թեթեւ հիւարսիրութիւն։

Ձեր ներկայութիւնը հաստատելու համար կը խնդրենք հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակ 416 431 3001 թիւին, մինչեւ 12 Նոյեմբեր։

Սիրով կը սպասենք Ձեզ եւ ձեր բարկամները 17 Նոյեմբեր 2019-ին։

Ձեզ հանդիպելու ուրախութեամբ,

Մնամք սիրով աղօթարար՝
Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան,
Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի Նախագահ
Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ
Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
 
Սիրով՝
Աբէթ Ալբայ
Ս. Երրորդութիւն Հայց.
Առաքելական Եկեղեցւոյ
Հիմնադրամի Ատենապետուհի        

 

Donate