Հանդիպում Սբ. Խորանի Երէց եւ Երիտասարդ Ծառայողներու Հետ

Հանդիպում Սբ. Խորանի Երէց եւ Երիտասարդ Ծառայողներու Հետ

Գանատահայոց Թեմի  փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի հրաւէրով, Շաբաթ՝ 23 Նոյեմբեր, 2019-ի առաւօտեան նախաճաշի սիրոյ սեղանի շուրջ հաւաքուեցան Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Սբ. Խորանի երէց եւ երիտասարդ ծառայողները:
Սեղանի օրհնութենէն եւ բացման աղօթքէն ետք, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, ապա ներկաները իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին: Մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ քննարկուեցան նոր ծրագրեր եւ ծառայական զանազան հարցեր, ուր շեշտուեցաւ երիտասարդ սերունդի եկեղեցւոյ շուրջ բոլորման եւ ծառայական կեանքի մէջ աւելի աշխոյժ մասնակցութեան կարեւորութիւնը, ի նպաստ Սբ. Եկեղեցւոյ պայծառացման եւ առաքելութեան յարատեւման:

 width=

 width=

 width=

 width=

 width=

 width=

 width=

Donate