ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ` Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ` Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Վարագայ Ս. Խաչի օրուայ զուգադիպած 25 Սեպտեմբեր 2011 Կիրակի առաւօտ, Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբազան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, զայն մատուցեց Գանատահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բագրատ Ս. Եպս. Գալստանեան, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեցեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը։ Ս. Խորանին սպասարկեցին գեղաձայն սարկաւագ ու դպիրներ, երգեցողութիւնները գեղեցկօրէն կատարուեցան դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեանբ՝ Շահէ Ալթունեանի։

IMG_3840

Դասին մէջ ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Գանատայիներկայացուցիչ՝ Ռոբերտ Աւետիսեան, Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Գանատայիներկայացուցիչ՝ Գալապրինա Պոյաճեան եւ Գանատահայոց Թեմեկան Խորհուրդի Ատենապետ՝Արա Պոյաճեան։

IMG_3842

Յաւարտ Ս. Պատարագի ՙ ուրախ լեր՚ շարականի երգեցողութեամբ դէպի Ս. Խորանառաջնորդուեցան ծանօթ ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Օհան Օհանեաններ ու իրենց դուստրը,որոնք իրենց ձեռին ունէին Ս. Էջմիածնի վարպետներու կողմէ պատրաստուած գեղեցիկ խաչ մըեւ զոյգ ճաճանչներ, որոնք նուիրեցին Ս. եկեղեցւոյ։ Ինչպէս նաեւ մեր ազգայիններէն ՄանուկԱմբակումեան եւս թափօրին մասնակցելով Ս. Խորան առաջնորդուեցաւ իր հանգուցեալ տիկնոջՄարի Ամբակումեանի եւ ծնողած Ադամ եւ Ազնիւ Ամբակումեաններու հոգիներուն ի յիշատակնուիրեց փոքր խաչեր, որոնք պիտի զետեղուին եկեղեցւոյ նստարաններու կողին։

IMG_3854 IMG_3852

Ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազանի, աղօթքներով ու դպրաց դասի եւ հաւատացեալներու կողմէմիասնաբար երգուած ՙ Ամէն Ալելուիա ՚ երգեցողութեամբ այս սպասներու օրհնութիւնըկատարուեցաւ։

Բագրատ Սրբազան Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախութեան հռչակման20-րդ ամեակի առիթով օրհնեց նաեւ զոյգ երկիրներու դրօշները, ապա ընթերցեց Հայաստանիանկախութեան հաստատման առիթով գրուած աղօթքը։ 

Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը այս ուրախ օրուայ առիթով աւուր պատշաճի իր սրտի խօսքըփոխանցեց, շնորհաւորեց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։

IMG_3879 IMG_3899

Դպրաց դասի կողմէ երգուած ՙ Ո՛վ հայկազուն ՚ եւ ՙ Ո՛վ հայոց Աշխարհ ՚շարականներուերգեցողութեամբ եւ թափօրի ուղեկցութեամբ Սրբազանը ու ժողովուրդը դէպի եկեղեցւոյ բակըառաջնորդուեցան ուր տեղի ունեցաւ ծխական խորհուրդի եւ յարակից բոլոր մարմիններու հետնկարահանում։

IMG_3850 IMG_3888 IMG_3910 IMG_3904

Donate