ՀՈԳՇ. ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՈՒ ՔԱՐՈԶԵՑ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՀՈԳՇ. ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՈՒ ՔԱՐՈԶԵՑ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 

Յարութիւն Դերձակեան

Պոլսոյ Պատրիարքարանի միաբաններէն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան իր հարազատները տեսնելու ու արձակուրդը անցնելու համար Թորոնթօ ժամանած էր։ Հայր Սուրբը այս պատեհ առիթէն օգտուելով 29 Մայիս 2016 Կիրակի առաւօտ, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցին իր օրհնաբեր այցելութիւնը պարգեւելով պատարագեց եւ իր պատգամը փոխանցեց։ Դասին մէջ ներկայ էին՝ Արժ. Հայրեր Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան եւ եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մէլէնկիչեան։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ, երգեցողութիւնները խիստ ներդաշնակ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի։ Ս. Գիրքը կարդաց Տէր Տաթեւ, Ս. Աւետարանը Սեւան Սրկ. Իշխանեան իսկ վերաբերումը կատարեց Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան։

Յընթացս Ս. պատարագի « Էջմիածինն ի հօրէ » շարականի երգեցողութեամբ պատարագիչ Հայր Սուրբի կողմէ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնարկութեան տարեդարձին առիթով մասնաւոր արարողութիւն եւ մաղթանք կատարուեցաւ։ Տէրունական աղօթքէն առաջ Տէր Տաթեւ կարդաց թեմական խորհուրթի կողմէ ուղարկուած յայտարարութիւն մը, ուր կը յիշուէր թէ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, թեմական տարեկան 33 րդ. ընդհանուր Ժողովին Առաջնորդ Աբգար Սրբազանի կողմէ նշանակուած էր Գանատահայոց թեմի փոխ Առաջնորդ, նկատի առնելով Տէր Հօր երկար տարիներ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ իր ծառայութիւնը։ Տէր Տաթեւ ընթերցեց նաեւ, յանուն Առաջնորդ Գերշ. Աբգար Սրբազանի, թեմական խորհուրդի, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, ծխական խորհուրդի եւ հաւատացեալներու, ողջունելով բարի գալուստ կը մաղթէին Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին,  աղօթելով առ բարին Աստուած Հայր Սուրբին բարեմաղթելով  քաջառողջութիւն, ուժ եւ կարողութիւն իր առաքելութեան ճանապարհին մէջ։ Տէր Հայրը հրաւիրեց Հայր Սուրբը որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։
Պատարագիչ Թաթուլ Ծ. Վարդապետ իր խօսքերուն սկսաւ եղբայրական ջերմ զգացումներով եւ որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս Առաջնորդ Աբգար Սրբազան հօր, տեղւոյն աւագերեցին եւ փոխանցեց Պոլսահայ ժողովուրդին, քոյր եւ եղբայրներուն ջերմ ողջոյնները։ Հայր Սուրբը խօսեցաւ հաղորդական ոճով, տպաւորիչ եւ ներշնչեալ քարոզ մը, « Ըսի ձեզի արդէն, սակայն դուք չէք հաւատար ինծի » բնաբանով սկսաւ իր պատգամը փոխանցել։ «Հրեաները կը հարցնէին Յիսուսի  « Եթէ դուն ես Քրիստոսը ըսէ մեզի »։ Յիսուս հրեաներու հետ այս բախումները կ՚ունենար։ Այսօր Քրիստոսի խօսքը իր ներկայութիւնն է, Քրիստոսի աներեւոյթ մարմինը եկեղեցին է, այսինքն հաւատացեալներու խումբը։ Այդ խումբերը իրարու միջեւ բախումներ ունին, հարցեր ունին եւ այդ հարցերը երբեմն Քրիստոսի եկեղեցիին դէմ հարցերու կը վերածուին երբ մեր օրերու մարտահրաւէրներէն դուրս ընթացք մը կը զգենուն։»

Հայր Սուրբը մասնաւորաբար շեշտեց հաւատքի կարեւորութիւնը « Մենք չենք հաւատար երբեմն կ՚ուզենք Թովմաս առաքեալին նման տեսնել, շօշափել, դժուարութիւններ կ՚ունենանք ըմբռնելու երբ անոնք մեր հինգ զգայարանքներուն տակ չեն իյնար։ Սակայն Քրիստոս կ՚ըսէ « Ոչ թէ իմ խօսքովս այլ իմ գործովս » եւ հաւատքը խօսքով չի կատարուիր այլ գործքով։ Քրիստոս  չխօսեցաւ միշտ, այլ գործ կատարեց։ Այն հրաշքները որ կը կատարուէին Քրիստոսի կողմէ, ժողովուրդին հաւատքին իբրեւ արդիւնք կը կատարուէին։ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Տրդատ Թագաւորի հաւատքին վրայ կառուցուեցաւ Էջմիածնայ Մայր Տաճարը։
Հրաշքը կը կատարուի մեր կեանքին մէջ ամէն առաւօտ։ Աստուած մեզի օր մը եւս կը պարգեւէ։ Երբ մենք թոյլ տանք թէ Ս. հոգին գործէ մեր մէջ այն ժամանակ մեր կեանքը ինչպէս կը փոխուի, հաւատքն է որ մեզ ոտքի կը պահէ, հաւատացեալ մարդը կը լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ լսելով կը սկսի հոգին ձեւաւորուիլ։ Լսենք Քրիստոսի խօսքը, ան պէտք է աճի մեր մէջ եւ այդ աճողը պէտք է պտուղ տայ։ Վերածուեցէք հաւատքի քարի մը, ինչպէս Քրիստոս Պետրոսի ըսաւ։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ այդ ժայռին պէս ամուր, հաստատուն հաւատքով տոգորուած որուն վրայ բարձրանայ մեր հաւատքի սիւները եւ մենք իբրեւ այդ կենդանի սիւները Քրիստոսի մարմինը կազմենք, պտղատու ծառերու վերածուինք, պահենք այն ամէն արժէքները որ մեզի կը պատկանին, բարի գործեր կատարենք մեր կեանքին մէջ եւ պատրաստ ըլլանք հաշուետուութեան միածին որդիին առջեւ։
Հայր Սուրբի այս գեղահիւս քարոզէն ետք տեղի ունեցաւ մասնաւոր Հոգեհանգստեան Պաշտօն, ապա արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայր Սուրբի պահպանիչով։

S DSC05229

S DSC05232
S DSC05233

S DSC05235

SDSC05239

Donate