St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School Re-opens on September 14th

St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School Re-opens on September 14th

Dear Parents and Grandparents, 
St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School re-opens on September 14th.
Please visit the school’s new website for information and registration.
Wishing all students, teachers, parents a successful year ahead!

***
ՏՆՕՐԷՆԻ ՊԱՏԳԱՄ 2019-2020

Բարի եկած էք Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի 64-րդ ուսումնական տարեշրջանին։ Կազմ ու պատրաստ ենք վերամուտին` Սեպտեմբեր 14, ժամը 9:30am-1:30pm, 25 Forest Manor Public School էն ներս։

Կը մաղթեմ բոլորիս ուրախ վերամուտ և արդիւնաբեր կրթական տարեշրջան։

Հայ լեզուն և մշակոյթը փոխանձելը մեր պարտականութիւնը, ազգային պարտքը, և բարձրագոյն առանձնաշնորհումը կը սեպենք։

Վարժարանիս առաքելութիւնն է ստեղծել միջավայր մը, ուր աշակերտները հայ լեզուն սորվելու և իրենց ինքնութիւնը կազմաւորելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան, կապեր ստեղծելով հայ մշակոյթին, գրականութեան, և կրօնքին հետ, ինչպէս նաև առիթը կ՚ունենան հայեցի միջավայրի մը մէջ բարեկամութիւններ մշակելու։

Այս տարի եւս կը շարունակենք աշխատակցիլ Թորոնթօ Շրջանի Ուսումնական Խորհուրդին (Toronto District School Board) հետ ու դասաւանդութեան ընթացքը շարունակել գործնական ձեւերով – փոխազդեցիկ interactive, աշխատակցական collaborative, և ծրագրահիմն project-based։ Այս յատուկ մեդոտները կ՚օգնեն աշակերտներուն վերածել հայերէնը ապրող-օգտագործուող հաղորդակցութեան լեզուի իրենց առօրեայ կեանքի, խաղի, և ստեղծագործութեան մէջ։

Ծնողնե՛ր, միասնաբար աշխատինք ու մեծ ճիգերով ստեղծենք հաճելի դպրոցական միջավայր մը, ուր աշակերտները կը սորվին խանդավառութեամբ ու կը զարգացնեն իրենց հետաքրքրութիւնն ու սէրը հայկական ժառանգութեան հանդէպ։ Ձեր աջակցութիւնը շատ կարեւոր եւ գնահատելի կը նկատենք դպրոցի ուսումնական որակը բարձր պահելու և վարքի կանոնագիրը կիրառելու հարցով։ Ձեռք-ձեռքի քալենք դէպի յառաջ, ապահովելու կարեւոր ու բարձր նուաճումներ:

Որպէս արտադասարանային աշխատանք, պիտի շարունակենք ճատրակի, արուեստի, մարզանքի, ու պարի խմբակները, Շաբաթ օրերը ժամը 1։30-էն 2։30, սկսեալ՝ Նոյեմբեր 2-էն։ Հաճեցէք շուտով տեղեկացնել, թէ ձեր զաւակները ո՞ր ծրագրին կը փափաքին մաս կազմել։

Դպրոցի կանոնագրի, ընդհանուր տեղեկութիւններու, օրակարգի, կարեւոր թուականներու, նամակներու ու յայտարարութիւններու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար հաճեցէք այցելել դպրոցի կայքէջը՝ armenianschool.ca և նաև տեսէք կցուածները։

Այս տարի կարելիութիւնը պիտի ունենաք ձեր զաւակները արձանագրելու դպրոցի կայքէջին վրայ։

Շուտով Ձեզ տեսնելու յուսով՝

Դոկտ. Արփի Փանոսեան Մըթարթ
Ս. Սահակ և Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի Տնօրէն

Donate