REV. ARCHPRIEST ZAREH ZARGARIAN’S 50TH BIRTHDAY CELEBRATION

REV. ARCHPRIEST ZAREH ZARGARIAN’S 50TH BIRTHDAY CELEBRATION

Press Office –

On Sunday, May 1st, 2016, following Divine Liturgy, the Parish Council invited everyone to a beautiful reception at the “Magaros Artinian” hall, to celebrate the 50th birthday of Fr. Zareh Zargarian.

Bishop Hovakimian said grace. While the guests were enjoying delicious hors-d’oeuvres and sandwiches, Mrs. Sella Kaltakjian invited Toronto-based guitarist and world stringed instruments specialist Levon Ichkhanian and his father, Edouard Ichkhanian, renowned Musical Director of the Middle Eastern artists to the stage. The father and son duo performed beautiful musical pieces, creating a warm and pleasant atmosphere for those present.

S 01 IMG_8112
S IMG_8071

Mr. Ohan Ohanessian, Chairman of the Parish Council, delivered the opening remarks, during which he welcomed the guests of honour, congratulated Fr. Zargarian on his 50th birthday and appreciated his 20 years of service as the Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church. Mr. Ohanessian specifically thanked Yeretskin Naira as well as Nareg, Aren and Araz Zargarian for their patience, understanding, love and care towards their husband and father, Der Zareh, so he can continue leading his flock and his church and spread the Christian mission. The Parish Council members joined Mr. Ohanessian in presenting a beautiful Pectoral Cross (Lanchakhach) to Fr. Zargarian and a pendant depicting St. Mary to Yeretskin Naira.

S IMG_8080

S IMG_8081

Nareg, Aren & Araz Zargarian were invited to the stage next. Each brother expressed their heartfelt congratulation to their beloved Father on his 50th birthday and thanked him for his unconditional love and care towards their family. Nareg truthfully added his father’s devotion to the parish means the brothers share their father with the community.

Rev. Fr. Vasken Boyajian from Montreal delivered his congratulatory message and praised Fr. Zargarian for his devotion and hard work serving the Armenian Church in Montreal and then in Toronto. Fr. Boyajian read His Eminence Archbishop Avak Assadourian’s letter of congratulation sent to Fr. Zargarian.

His Grace Bishop Vazgen Mirzakhanyan expressed his heartfelt congratulations to Fr. Zareh and conveyed the well wishes of their other friends from Russia and Armenia who could not be present. Bishop Mirzakhanyan presented Der Hayr with a a silver bound Bible as well as beautiful paintings of the well-known Georgian-Armenian artist Tengiz Migoyants.

S IMG_8102

His Excellency Mr. Armen Yeganian, Ambassador of the Republic of Armenia to Ottawa, delivered his congratulations and best wishes, and presented a memorable engraved gift to Der Hayr. He remembered the very first public meeting that Fr. Zargarian had organized for him to meet with the community members at Holy Trinity Armenian Church. He added that this was not just a meeting; it was a work in progress in a positive and vibrant environment.

S IMG_8106

As the birthday cake was brought into the hall, the guests sang “Happy Birthday”, while Fr. Zareh was surrounded by his lovely wife, three sons and members of the community.  Special appreciation goes to the talented Maro Vardanyan for her artistic and unique creation of Der Hayr’s cake.

The celebration continued by the Sassoun Dance Ensemble of HTAC performing popular dances, thus adding more joy to the festive mood of the celebration.

His Grace Bishop Abgar Hovakimian was next to convey his congratulatory message and prayers to Fr. Zargarian and presented him with a Hand cross.

S IMG_8134 2

S IMG_8133

The honouree of the day, Rev. Archpriest Zareh Zargarian, expressed his sincere gratitude to His Grace Bishop Abgar Hovakimian, Primate of the Armenian Church Diocese of Canada, His Excellency Armen Yeganian, Ambassador of the Republic of Armenia to Ottawa, His Grace Bishop Vazgen Mirzakhanyan, Primate of the Armenian Diocese of Georgia, Mr. Richard Sevazlian, honorary Consul of the Republic of Armenia to Ontario, Mr. Khoren Mardoyan, the representative of Armenia’s Ministry of Diaspora, Rev. Fr. Vazken Boyajian, Rev. Archpriest Sarkis Gulyan, Rev. Fr. Datev Menengichian, Rev. Serop Megerdichian, Parish Priest of Armenian Evangelical Church, Mr. Hagop Janbazian, Chairman of Toronto’s Interdenominational Committee and all who attended the Divine Liturgy and the reception.

Fr. Zareh appreciated the Parish Council members under the leadership of Mr. Ohan Ohanessian, for organizing his birthday reception and everyone who assisted them. Fr. Zareh mentioned that he could not have been who he is if it were not for the many blessings that the Lord Almighty has granted him. These include his parents, for their care and guidance, the Mother See of Holy Etchmiadzin, for implanting faith and education in him, and his beloved wife, Yeretskin Naira, who has been supporting and caring for him in every possible way, and their amazing sons, for being understanding and supportive while his duties would often not allow him to be with them as much as he would like to.

S IMG_8140 2

Fr. Zargarian thanked the community for responding to his request to make their heartfelt donations in lieu of gifts to the families of the Armenian martyred soldiers, who laid their lives defending our Motherland and Artsakh, through the Humanitarian Fund of Holy Trinity Armenian Church. He announced that the heartfelt donations had reached $45,000 and counting! The fund raising will continue until October, when Fr. Zargarian will travel to Armenia and take more donations with him to the families of the fallen and wounded soldiers.

Fr. Zargarian then invited Mr. & Mrs. Zakarian to present their heartfelt gift to Bishop Mirzakhanyan, a beautiful hand cross.

The reception was adjourned with many hugs, smiles and a great feeling of accomplishment. We encourage those of you who have not yet had the chance to make a contribution, to participate in this project by sending cheques payable to “HTAC Humanitarian Fund – Artsakh” or make a payment online  or over the phone by calling 416-431-3001.

May God bless you and your loved ones.

See more photos…

Congratulatory Messages of His Eminence Archbishop Avak Assadourian, Primate of Armenian Church in Iraq

Congratulatory Message of His Grace Bishop Vazgen Mirzakhanyan, Primate of Armenian Church Diocese of Georgia

Congratulatory Message of His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan, Primate of the Diocese of the Armenian Armed Forces and Head Chaplain of the Armenian Army

S IMG_8130

S IMG_8055

s IMG_8170

s IMG_8175

 

Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան Ս. Պատարագ Մատուցեց

Կիրակի, Մայիս 1, 2016-ին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Եկեղեցին հիւրընկալեց Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեանը, որ մատուցեց Ս. Պատարագը։ Իր խօսքին մէջ, Գանատայի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան բարի գալուստ մաղթեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Արմէն Եգանեանին, ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց Գերշ. Վազգէն Եպիսկոպոսի կենսագրականը։

Օրուան քարոզէն առաջ, Գերշ. Վազգէն Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին անոր օրհնութիւններուն համար դէպի Գանատա իր ճամբորդութեանը առիթով, ներկայ ըլլալու իր երկարամեայ ընկերոջ, դպրեվանքի դասընկեր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի 50-րդ տարեդարձի հանդիսութեան։

Վազգէն Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Աբգար Սրբազանին, հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն, դպիրներուն, Դպրաց Դասին, Ծխական Խորհուրդին, Թեմական Խորհուրդի պատգամաւորներուն, որոնք այս օրհնաբեր առիթով հաւաքուած էին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծուխի անդամներուն, որոնք միասնաբար Եկեղեցին կ’իմաստաւորեն իբրեւ աղօթատեղի։

Ան խօսեցաւ Քրիստոսի մասին. Առաջնորդը որ Իր հետեւորդներուն հետ կիսեց Իր սէրը ամէն անգամ որ անոնց հետ կ’ըլլար։ Ան նշեց նաեւ հովիւները, որոնք ինքզինքնին կը նուիրաբերեն իրենց հօտը պաշտպանելու համար։ Ապա Սրբազանը Քրիստոսի կեցուածքն ու հովիւներու նուիրուածութիւնը բաղդատեց Տէր Զարեհի առաքելութեան՝ որ կը պաշտպանէ իր հօտը, վերջինիս առաջնորդելով անխախտ հաւատքով ու սիրով, անքակտելի կապը պահելով Հայաստանի ու Արցախի հետ։

Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի 50-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն

Ծխական Խորհուրդի հրաւէրով, Ս. Պատարագէն ետք «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեանի 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Գերշ. Աբգար Սրբազանը։ Տիկ. Սելլա Գալթաքճեան բեմ հրաւիրեց վաստակաւոր կիթարիստ Լեւոն Իշխանեանը եւ անոր հայրը՝ Միջին Արեւելեան արուեստագէտներու երաժշտական ղեկավար՝ հանրածանօթ Էտուար  Իշխանեանը։ Հայր եւ որդի, իրենց ներկայացուցած երաժշտական կտորներով հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծեցին ներկաներուն համար։

Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան արտասանեց բացման խօսքը։ Ան ողջունեց պատուոյ հիւրերուն ներկայութիւնը, շնորհաւորեց Տէր Զարեհ Զարգարեանը անոր 50-րդ տարեդարձին առիթով եւ գնահատեց 20 տարիներու վաստակը Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ՝ իբրեւ Հոգեւոր Հովիւ։ Պրն. Օհաննէսեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Երէցկին Նայիրային, ինչպէս նաեւ անոնց զաւակներուն՝ Նարեկին, Արէնին ու Արազին, իրենց համբերութեան, սիրոյն եւ գուրգուրանքին համար հանդէպ Տէր Հօր, որպէսզի ան կարողանայ շարունակել իր առաքելութիւնը իբրեւ Հովիւ։ Ապա, Պրն. Օհաննէսեան եւ Ծխական Խորհուրդի անդամները լանջախաչ մը նուիրեցին Տէր Հօր եւ Աստուածամայրը պատկերող վզնոց մը Երէցկին Նայիրային։

Նարեկ, Արէն եւ Արազ Զարգարեաններ անհատապէս իրենց շնորհաւորանքները արտայայտեցին իրեն հօր, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, իր անսակարկ սիրոյն եւ հոգատարութեան համար։ Նարեկ աւելցուց թէ Տէր Հօր նուիրումը ծուխին կը նշանակէ թէ իրենք եւս հաւասարապէս կը բաժնեն իրենց հայրը նոյն ծուխին հետ։

Մոնթրէալէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհն. Պոյաճեան շնորհաւորեց Տէր Զարեհը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրուած ու անխոնջ ծառայութեան համար Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ։ Ան նաեւ ընթերցեց Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի շնորհաւորական նամակը՝ Տէր Զարեհին։

Վազգէն Սրբազան շնորհաւորեց Տէր Զարեհը եւ փոխանցեց Ռուսիա եւ Հայաստան գտնուող իր ընկերներուն բարեմաղթութիւնները։ Ապա ան Տէր Զարեհին նուիրեց արծաթեայ կողքով Աւետարան մը, ինչպէս նաեւ մի քանի գեղեցիկ պաստառներ վրացահայ գեղանկարիչ Թենկիզ Միկոյեանցի գործերէն։

Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ դեսպան Վսեմաշուք Պրն. Արմէն Եգանեան Տէր Զարեհ Քահանային փոխանցեց իր շնորհաւորանքներն ու բարի մաղթանքները, անոր յանձնելով փորագրուած գեղեցիկ նուէր մը։ Ան յիշեց առաջին առիթը որ Տէր Զարեհ կազմակերպած էր, հանդիպելու համայնքի անդամներուն հետ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս ոչ միայն հանդիպում էր, այլ փաստ մը կենսունակ հաւաքականութեան մը։

Երբ տարեդարձի կարկանդակը սրահ կը բերուէր, Տէր Զարեհ շրջապատուած էր իր ընտանիքով ու հիւրերով, որոնք «Բարի Տարեդարձ» կ’երգէին։ Այստեղ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մարօ Վարդանեանին, որ բծախնդրութեամբ իւրայատուկ կարկանդակ մը պատրաստած էր։

Եկեղեցւոյ «Սասուն» Պարախումբը ներկայացուց մի քանի  ժողովրդական պարեր, ճոխացնելով արդէն իսկ ստեղծուած ուրախ մթնոլորտը։

Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան իր շնորհաւորական ուղերձը փոխանցեց Տէր Հօր եւ անոր նուիրեց ձեռնախաչ մը։

Օրուան մեծարեալը՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան, իր սրտագին երախտագիտութիւնը արտայայտեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գանատայի մօտ դեսպան՝ Վսեմաշուք Պրն. Արմէն Եգանեանին, Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Օնթարիոյի մօտ պատուակալ հիւպատոս՝ Պրն. Րիչարտ Սվազլեանին, Սփիւռքի Նախարարութեան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Խորէն Մարտոյեանին, Արժ. Տ. Վազգէն Քհն. Պոյաճեանին, Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Կիւլեանին, Արժ. Տ. Տաթեւ  Քհն. Մէնէնկիչեանին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանին, եւ բոլոր անոնց որոնք ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին եւ հիւրասիրութեան։

Տէր Զարեհ գնահատեց Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Պրն. Օհան Օհաննէսեանի, եւ բոլոր անոնք որոնք բաժին ունեցան սոյն հիւրասիրութիւնը կազմակերպելու։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ այն բոլոր օրհնութիւններուն զորս Աստուած շնորհած է իրեն. առաջին հերթին ծնողները, իրենց սիրովն ու առաջնորդութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը՝ որ հաւատք եւ ուսում արմատացուցած է իր մէջ, իր սիրելի Երէցկին Նայիրան, որ ամէն ձեւով նեցուկ կանգնած է իրեն, սիրեցեալ զաւակները՝ որոնց անսակարկ սէրը վայելած է, նոյնիսկ երբ իր պարտականութիւններուն պատճառով անոնց հետ չէ կրցած ըլլալ միշտ։

Տէր Զարեհ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի անդամներուն, որոնք, անսալով իր փափաքին, տարեդարձին առիթով իրենց սրտագին նուիրատուութիւնները Եկեղեցւոյս Մարդասիրական Հաշուեհամարին միջոցաւ կատարեցին Հայաստանի եւ Արցախի  պաշտպանութեան համար զոհուած հայ ընտանիքներուն։ Այդ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները մինչեւ օրս կը հաշուեն 45,000։ Ապա աւելցուց թէ նուիրահաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր, երբ Տէր Զարեհ Հայաստան ճամբորդութեան, հետը պիտի տանի հաւաքուած գումարը, բաժնելու համար զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն։

Ապա Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան հրաւիրեց Տէր եւ Տիկ. Զագարեանները, որ իրենց նուէրը՝ գեղեցիկ ձեռնախաչ մը, նուիրեն Վազգէն Եպս. Միրզախանեանին։

Հիւրասիրութիւնը վերջ գտաւ գոհունակ մթնոլորտի մը մէջ։ Հոս կ’ուզենք դարձեալ քաջալերել մեր համայնքի անդամները որ մասնակից ըլլան յայտարարուած նուիրահաւաքին։ Փոխգիրերը կարելի է ուղարկել Ս.Ե.Հ. Առաք. Եկեղեցւոյ Մարդասիրական Հաշուեհամար-Արցախ անունին, համացանցի միջոցաւ եւ կամ հեռաձանելով եկեղեցւոյ գրասենեակը՝ 416-431-3001 թիւին։

Աստուծոյ օրհնութիւնը ձեր բոլորի հետ ըլլայ։

Donate