Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ 88-րդ Տարեդարձ

Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ 88-րդ Տարեդարձ

Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխի Կազմաւորման 88-րդ Տարեդարձի Սուրբ Պատարագ եւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

 

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, եկեղեցւոյս ծուխի կազմաւորման 88-րդ տարեդարձի Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գանատահայոց Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյս Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ Արժ. Տէր Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեանը: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ: Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ Դպրաց Դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի:

Յընթացս Ս. Պատարագի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ եկեղեցւոյ ներքին զանգակի ղօղանջներով, Ս. Խորան առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյս Դպրաց Դասը, ստանալու համար Սրբազան Հօր օրհնութիւնները: Սբ. Պատարագին նաեւ ներկայ էին Արժ. Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան եւ Արժ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեանը:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Դեկտեմբեր 7, 1988-ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն, եկեղեցւոյս վախճանեալ հոգեւորականներուն, նախկին Ծխական Խորհուրդներու անդամներուն, կնքահայրերուն, ինչպէս նաեւ բարեպաշտ հաւատացեալներու պարագաներու հոգիներուն ի հանգիստ:

s-_mg_6585

Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ, Սուրբ Պատարագէն վերջ, եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ եկեղեցւոյ 88-րդ տարեդարձը, ի ներկայութեան հոծ բազմութեան:

Ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուայ հանդիսավարուհի՝ Տիկ. Սեդա Քէշիշեան:

Պատուոյ սեղանը Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին տեղ գրաւած էին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ. Քհնյ. Զարգարեան եւ Երէցկին Նայիրա Զարգարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Աբէթ Ալբայ եւ Պրն. Արա Ալբայ, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Պրն. Օհան եւ Տիկ. Անիթա Օհաննեսեան, Հ.Հ. Պատուակալ Հիւպատոս (Օնթարիօ) Պրն. Ռիչըրտ Պերճ Սվազլեան, եւ  եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան Ատենապետուհի՝ Օրիորդ Իվէթ Փանոսեան:

s_mg_6640

Ի պատուի էին նաեւ Արժ. Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Կիւլեան, Արժ. Տէր Տաթեւ Քհնյ. Մէնէնկիչեան, Արժ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան, Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Վերապատուելի Դոկտ. Պերճ Ճամպազեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հոգեւոր Հովիւ, Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Հոգեւոր Հովիւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, Տիար Յակոբ Ճանպազեան Միջյարանուանական Մարմնի ատենապետ եւ Տիկ. Ժուլիէթ Ճանպազեան:

s-img_8305

Ներկայ էին նաեւ նախկին Քաղաքացիութեան Դատաւոր Տիար Արիս Պապիկեան, գաղութիս մէջ գործող հետեւեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Պոլսահայ Մշակութային Միութիւն, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն, Հայ Մարմնամարզական Միութիւն, Թորոնթոյի Հայ Ակումբ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ եւ Օնթարիոյի Հայ Բժշկական Միութիւն, ինչպէս նաեւ նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր եւ բարերարներ:

Կենաց բաժակներ բարձրացան Մայր Հայրենիքի Սբ. Էջմիածնի եւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի մաղթելով իրեն արեւշատութիւն:

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիար Մհեր Մինասեան իր գեղեցիկ երգեցողութեամբ եւ եկեղեցւոյս «Սասուն» Պարախումբի պարման-պարմանուհիներէն խումբ մը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի, հայկական խանդավառ պարերով ելոյթ ունեցան: Բարի մաղթանքներու մթնոլորտի մէջ ներս բերուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը բոլորին «Բարի Տարեդարձ» երգեցողութեամբ:

s-img_8246
s_mg_6766

Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդի անունով Ատենապետ Պրն. Օհան Օհաննէսեան շնորհաւորեց տարեդարձը ու շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Հովիւին, յարակից մարմիններուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցիէն ներս տարուած բեղուն աշխատանքներուն:

Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Աբէթ Ալբայ շնորհաւորեց եկեղեցւոյ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ Հովիւն ու Ծխական Խորհուրդի անդամները իրենց նուիրական գործունէութեան համար:

Տիկ. Սեդա Քէշիշեան ընթերցեց Ս.Դ.Հ. Կուսակցութեան Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Հ.Մ.Մ.-ի Վարչութեան շնորհաւորական գիրը ուղղուած եկեղեցւոյս տարեդարձի ուրախ առթիւ:

Եկեղեցւոյս ժրաջան Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան փոխանցեց իր պատգամը եւ անդրադարձաւ այն անձերուն որոնք 88 տարիներ առաջ զոհաբերութիւններու շնորհիւ, կերտեցին եւ մեզի ժառանգ ձգեցին հաւատքի այս տունը: Անոնք այսօր անդարձ բաժնուած են մեզմէ, բայց հոգիով միշտ ներկայ են:

s-speakers

Շնորհակալութիւններ յայտնեց բոլոր ներկաներուն, հովանաւորներուն ինչպէս նաեւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննեսեանի, տարեդարձի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարուհիներուն, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն եւ եկեղեցւոյս հոգատարին:
Ծխական Խորհուրդի կողմէ ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ Երէցկին Նայիրային առ ի գնահատանք Տէր Հօր եւ Եկեղեցւոյն նկատմամբ իր ցուցաբերած տարիներու հոգատարութեան եւ աջակցութեան համար:

Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի որոշումով, իրենց մատուցած ծառայութեան առ ի գնահատանք յուշատախտակներով պարգեւատրուեցան Տիկ. Արմինէ Պոյաճեան «Տարուայ Կին»ը, Պրն. Կարպիս Պետրոսեան «Տարուայ Մարդ»ը, Օրդ. Լարա Կիւմուշճեան «Տարուայ Երիտասարդուհին», Պրն. Խաչիկ Վանէս «Տարուայ Երիտասարդը» եւ Տէր եւ Տիկին Խաչիկ եւ Նուարդ Միրզոյեան եւ զաւակները՝ «Տարուայ օրինակելի ընտանիք»ը: Պատուոյ գիր  ստացաւ Ծխական Խորհուրդի շրջանաւարտ անդամուհի Տիկին Սուսաննա Հարությունյանը: Տիկ. Տիանա Պողօսեան պարգեւատրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Ս. Խաչ» շքանշանով, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մարմնամարզութեան ու Երիտասարդական բաժնի մէջ տարիներու սիրահոժար աշխատանքի համար գնահատուեցան երեք երիտասարդներ՝ Կարօ Սեմերճեան, Յակոբ Սեմերճեան եւ Վիգէն Ամբակումեան:

Ազնուափայլ Տիկին Աբէթ Ալբայը գնահատուեցաւ ծաղկեփունջով մը Թեմական Խորհուրդի մէջ իր մատուցած սատար աշխատանքին համար:

s-img_8263
s-img_8265

s-img_8268
s-img_8273
s-img_8275
s-img_8277
s-img_8292
s-img_8285

 

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ու գնահատեց Ծխական Խորհուրդը, յարակից մարմինները, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը, օրուայ պարգեւատրեալները, շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի հոգատարութիւնը իր ծուխի եւ գաղութի նկատմամբ ինչպէս նաեւ Տէր Հօր ղեկավարութեամբ բազմաթիւ աշխատանքները:

Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը:

s-_mg_6904
s-img_8303

Donate