Սբ. Սահակ – Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի Հանդէսը

Սբ. Սահակ – Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի Հանդէսը

Շաբաթ 1 Յունիս 2013, առաւօտեան Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու, հարազատներու եւ հրաւիրեալներու ներկայութեան, Սբ. Սահակ – Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի Ա-Է կարգերու հանդէսը, որուն ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյս հովիւ Արժանապատիւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, Ծխական Խորհուրդի եւ Խնամակալութեան անդամներ:

Իրենց ամբողջ կատարողութեամբ, աշակերտները հպարտութիւն առթեցին բոլորին, մանաւանդ իրենց ծնողներուն:

s3

Լավագոյնս ներկայացուցին իրենց սորվածները; պար, արտասանութիւն եւ մանաւանդ 100-է աւելի նախակրթարանի սաներու երգչախումբի ելոյթը Տիկ. Նատա Նավասարդեանի գլխաւորութեամբ, ներկայացնելով փունջ մը ազգային – հայրենասիրական երգեր, բազմաձայն եւ բուռն ծափերու արժանանալով:

Մանկապարտեզէն 10 փոքրիկներ ստացան իրենց վկայականները իսկ նախակրթարանէն արժանաւոր սաներ ստացան մրցանակներ: Տնօրէն Պրն. Եդուարդ Պալեանի ելոյթով եւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի հայրական խօսքով ու աղօթքով վերջ գտաւ յիշատակելի սոյն հանդէսը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

s2

s6 s5 s4

Սբ. Սահակ – Սբ. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի Բարձրագոյն Նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Յունիս 2013, կ.ե. ժամը 6-ին Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ:

Թորոնթոյի Առաջին հայ վարաժարանի 57-րդ տարեշրջանը յաջողութեամբ աւարտեցաւ գաղութիս պարգեւելով 23 շրջանաւարտներ, որոնք կը միանան նախորդ շրջանաւարտներու հոյլին:

Շրջանավարտները եկեղեցի պաշտօնական մուտք գործեցին իրենց ձեռքին մոմեր եւ կարմիր վարդեր , զոր տեղաւորեցին դասին աջակողմը գտնուող մեր Առաջին Ուսուցչին՝ Սբ. Մեսրոպ Մաշտոցի սրբապատկերին ներքեւ ապա գրաւեցին իրենց տեղերը, ուր Հայր Մերէն, քայլերգներէն  ու Մեր Ուխտէն ետք ներկայացուցին Մեծ Սուրբին եւ Հայ Լեզուին նուիրուած քերթուածներու եւ ընթերցումներու համադրութիւն մը, շեշտելով երկուքին ալ արժէքն ու կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս մանաւանդ որ անոնք իրենց աշակերտական տարիներուն այս վարժարանէն ներս դաստիարակուեցան այն հաւատքով որ առանց Հայ Լեզուի հայութիւն չի կրնար գոյութիւն ունենալ, սորվեցան որ «թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմո’ռանաս»:

Մուտքին բաժնուած պրակին մէջ ներկաներ կարդացին իրենց զաւակներու գրութիւններէն նմոյշներ:

Տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը ապա յաջողագոյն աշակերտներ ստացան մրցանակներ հաստատուած գաղութիս մշակութային եւ կրթական կազմակերպութիւններու եւ անհատ ազգայիններու կողմէ:

Շրջանավարտ Յովիկ Գաֆէսեանի հրաժեշտի խօսքով, տնօրէն Պրն. Եդուարդ Պալեանի Հուսկ Բանքով եւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի փակման խօսքով եւ աղօթքով վերջ գտաւ երեկոն:

Ապա «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ, ծնողներու կողմէ շրջանաւարտներու ի պատիւ կազմակերպուած խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:

sJune 8 Sat School Grads

 

Donate