ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Պոլսոյ Պատրիարքարանի միաբաններէն Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան Ս. Մկրտութեան մը ուրախ առիթով քաղաքս ժամանած էր։ Տէր Հայրը այս պատեհ առիթէն օգտուելով 18 Դեկտեմբեր 2016 Կիրակի առաւօտ իր օրհնաբեր այցելութիւնը պարգեւեց Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր Ս. պատարագը մատուցանելով իր պատգամը փոխանցեց։

Ս. սեղանին սպասարկեցին Նախկին Պոլսահայ Բարշ. Սարկաւագներ՝ Գրիգոր Թոզաքեան, Կարպիս Չիչէքեան, Յարութիւն Գույումճեան ( եղբայրը պատարագիչ Տէր Հօր ), Մանուէլ ԱքՃամպազեան ինչպէս նաեւ Սեւան Սրկ. Իշխանեան, Արման Սրկ. Գալուստեան եւ բրկն. ուրարակիր դպիրներ։

Դասին մէջ ներկայ էր Առաջնորդի փոխանորդ եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան։ Երգեցողութիւնները խիստ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանուեցան դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ դպրապետ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի։

Յընթացս Ս. պատարագի Տէր Զարեհ Ա. Քահանան խօսք առնելով Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, ինչպէս նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցուոյ անունով բարի գալուստ մաղթեց հիւր հոգեւորականին, ներկայացուց զինքը ներկայ հաւատացեալներուն, յաջողութիւն մաղթեց իրեն իր հոգեւոր առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ, խնդրելով որ մեր սէրը փոխանցէ Պոլսոյ հաւատացեալներուն։

Պատարագիչ Տէր Սարգիս Ա. Քահանան իր պատգամը փոխանցելէ առաջ սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեց Գանատահայոց թեմի Առաջնորդ Աբգար Սրբազանին եւ եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Զարեհ Ա. Քահանային, որոնք առիթը ընծայեցին իրեն որպէսզի հաւատացեալներու հետ կարենայ աղօթակից ըլլալ։

Տէր հայրը խօսեցաւ հաղորդական ոճով իմաստալից քարոզ մը « Ոչ է մարդ զգալ գայթակղութեան, բայց վայ այն միթէ սոյն ձեռն հայցէ »։ Մեկնելով այս բնաբանէն ընդգծեց, թէ Յիսուս ժողովուրդը կը զգուշացնէր ամէն տեսակի անկանոնութիւններէ ու սխալներէ, խօսքը
իր աշակերտներուն ուղղելով կ՚ըսէր, «մարդ չկայ որ չգայթակղի, բայց վայ անոր որուն ձեռքով կու գայ այդ գայթաղութիւնները։» Մեր Տէրը Յիսուս այսօր եւս Ղուկասի գրած աւետարանի էջերուն մէջէն կը զգուշացնէ մեզ։ Տիրոջ պատուիրաններէն հեռու չմնանք, երբ մենք կամայ-ակամայ հեռանանք Աստուծոյ խօսքերէն, դիմելու ենք Աստուծոյ ողորմութեան ու ապաւինելու ենք Անոր ներողամտութեան։ Այս երկկողմանի յարաբերութիւնները որքան ալ Աստուծոյ եւ մեր միջեւ է նոյնքան եւս մեր եւ մեր եղբայրներու միջեւ է։ Ուրեմն երբ մեր եղբայրներէն մէկը մեղք կը գործէ սաստելու ենք եւ դարձնելու ենք մեղքի ճամբէն։

Մարդկային բնութիւնը կը պահանջէ ներողամտութիւն, այսուհետեւ քրիստոնեաներ ունեցէք ողորմութիւն, քաղցրութիւն, խոնարհութիւն եւ համբերութիւն ինչպէս հայր Աստուած ներեց Քրիստոսով ձեզ, նոյնպէս դուք ալ ներեցէք զիրար։

Պատարագիչ Տէր հայրը այս առթիւ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնը յիշատակելով
Ս. Յակոբի կեանքի մասին լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Շնորհաւորեց Յակոբ անունը կրող հաւատացեալները։

Յաւարտ Ս. պատարագի կարգ մը հաւատացեալներու հոգիներուն ի հանգիստ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէր հօր պահպանիչով։

img_9452

img_9465

img_9483

img_9487

 

Donate