«Սասուն» Պարախումբի 15 Ամեակ

«Սասուն» Պարախումբի 15 Ամեակ

Պէթթի Փանոսեան
Արեւմտեան Սփիւռքի մէջ ազգութիւն եւ յատկապէս մշակոյթ պահելը միշտ ալ մարտահրաւէր եղած է։ Սակայն, տեսլական ունեցող խումբ մը հայորդիներ միշտ ալ կրցած են շրջանցել արգելքները, անտեսել կարծրատիպերը,  հիմնել մշակոյթի որեւէ բնագաւառի յատուկ միջավայր եւ ստեղծագործել միեւնոյն տեսլականը բաժնեկցող այլոց հետ։
 Պարարուեստի մշակոյթին յատուկ, նմանատիպ միջավայրերէն մէկն է Թորոնթոյի «Սասուն» պարախումբը, որ արդէն 15 տարիներէ ի վեր կը գործէ նախ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ վերջին երկու տարիներուն՝ Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու «Բարեւ» կերդոնի հովանիին ներքոյ։
Ունենալով Սեւակ Աւագեանի նման ժրաջան եւ ստեղծագործ միտք ունեցող գեղարուեստական ղեկավար, խումբի թիւը այսօր կը կազմէ շուրջ 70 պարողներ, որոնք ըստ տարիքային բաժանումներու մաս կը կազմեն երէց եւ կրտսեր խումբերուն։
Յետադարձ ակնարկով, 15 տարիներու ընթացքին պարախումբին մաս կազմած են շուրջ 350 անդամներ, ներկայացնելով աւելի քան 200 պարեր։ Անոնք հայկական մշակոյթն ու պարը ծանօթացուցած են օտարներուն, մասնակցելով տեղական եւ միջազգային բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներու, նաեւ բեմահարթակը բաժնեկցած են հայրենի եւ միջազգային ճանաչում ունեցող երգիչներու հետ։
 8 Յունիս, 2019ին «Սասուն»ի 15րդ տարեկան ելոյթն էր «Հատընտիր» խորագիրով։
Մարալ Մաքասճըի բացման խօսքէն ետք, պարուսոյց Սեւակ Աւագեանի պատրաստութեամբ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, ուր շնորհաւորանքի ջերմ ու սրտաբուխ խօսքերով հանդէս եկան նախկին «Սասուն»ցիներ։ Անոնք իրենց յիշողութիւններու ընդմէջէն թարմացուցին «Սասուն»ի մէջ ապրած անցեալի յիշատակները եւ փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորանքները։
Ելոյթը կը ներկայացէր 15 տարիներու ընթացքին խումբին ներկայացուցած լաւագոյն եւ ամենասիրուած պարերէն ցանկ մը, որ յաճախ կը համեմուէր հայրենի հանրածանօթ մեկնաբան՝ Ռուբէն Սասունցիի կատարած ճոխ եւ հայերնասիրական երգերով, ոգեւորելով պարողներն ու հանդիսատեսը հաւասարապէս։
Նեկայացուեցան 18 պարեր (3 բեմադրութիւն՝ Հ.Հ. Թաթուլ Ալթունեանի Անուան Երգի ու Պարի Անսամպլ, 6 բեմադրութիւն ՀՀ Պարի  Պետ. Անսամպլի եւ 3 բեմադրութիւն Սեւակ Աւագեանի 4 բեմադրութիւն Սարին Աւագեանի  եւ 2 բեմադրութիւն Սեւակ եւ Սարին Աւագեաններու)։ Յատկանշական էր «Ազգագրական պար»ը, որուն մաս կազմած էին պարողներու ծնողները։
Տեղին է յիշել, որ պարախումբի նուաճած յաջողութիւններուն իր ներդրումը ունեցած է պարուսոյցի օգնական եւ զգեստներու պատասխանատու՝ Սարին Աւագեանը, որ եղբօրը հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ կը սատարեն հայ մշակոյթի պահպանման եւ փոխանցման։
Ելոյթի աւարտին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, Փոխառաջնորդ եւ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ այս առթիւ գնահատագրով եւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պարգեւատրեցին պարուսոյց Սեւակ Աւագեանը, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն։ Իր անսակարկ նուիրումին համար Սարին Աւագեանը եւս պարգեւատրուեցաւ Գնահատագիրով։
«Պահպանիչ» ով վերջ գտաւ երեկոն։

Donate