ՄԻՋ-ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՄԻՋ-ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՄԻՋ-ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ս.Ե.Հ.Ա.Ե. Մամլոյ Գրասենեակ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016-ին Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի անդամները այցելեցին Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի, իրենց ջերմագին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցելու Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանին, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ նշանակման առթիւ, բարեհաճ կարգադրութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի:

Ներկաներու բարեմաղթութիւններէն ետք, Միջ-Յարանուանական Մարմնի ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Տէր Զարեհին, Գանատահայոց Թեմին եւ մասնաւորաբար Թորոնթոյի Հայ համայնքին իր անցնող 25 տարերու նուիրեալ ծառայութեան համար, այս առթիւ նուիրելով յիշատակի գիրքեր:

Տէր Զարեհը փառք տուաւ Աստուծոյ Թորոնթոյի Հայ Յարանուանութիւններու միջեւ սիրոյ եւ համագործակցութեան ոգու համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ ներկաներուն իրենց ջերմ խօսքերուն եւ այցելութեան համար:

Սոյն հանդիպման ներկայ էին՝ Գերապատիւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրեճեան, Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Գրիգոր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
Հոգեշ.  Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Արժ. Տէր Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Փանոսեան, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական
Տիար Միհրան Ճիզմեճեան, Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան Ատենապետ
Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդէն՝
Տիար Օհան Օհաննէսեան, Ատենապետ
Տիկ. Րօզին Իմաստունեան, Գանձապահ
Տիկ. Սելլա Գալթագճեան, Խորհրդատու

S IMG_2487

S IMG_2488

SS IMG_2490

S IMG_2499

S IMG_2494
S IMG_2495

 

Donate