Հայրապետական Կոնդակ Տիար Բենիամին Մամուրեանին՝ Իր Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով

Հայրապետական Կոնդակ Տիար Բենիամին Մամուրեանին՝ Իր Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով

Եկեղեցւոյս երիցագոյն տրատու անդամ՝ ազգային, մշակութային, գեղարուեստական գետնի վրայ երկար տասնամեակներու բեղուն գործունէութեան ու վաստակով կեանք մը ապրած Տիար Բենիամին Մամուրեան, Մայիս 1, 2010-ին բոլորեց իր կեանքի 100-րդ տարին:

Պրն. Բենիամին Մամուրեան իր հարիւրամեակին առիթով շնորհաւորական գիրեր ստացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանէն, Օնթարիոյի Վարչապետէն, Գանատայի Ընդհանուր Կառավարիչի Օնթարիոյի տեղակալէն, Թորոնթոյի քաղաքապետէն, Ազատական երեսփոխան Պոպ Ռէյէն, ՀԲԸՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղէն եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութենէն:

Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը սրբատառ կոնդակ մը ուղարկած էր, առ ի գնահատանք Պրն. Մամուրեանի երկարամեայ գործունէութեան: Փետրուար 26, 2011-ին ի ներկայութիւն մեծարեալի զաւակներուն, կոնդակի տուչութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստանեանին, որուն կ’ընկերակցէր Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան:Beniamin Mamourian

Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին Առաջնորդ Ս. Հայրն ու Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քահանան: Իր կարգին, Տիար Բենիամին Մամուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Եկեղեցւոյս Հովիւին, որոնք զինք արժանացուցած էին այս պատիւին: Ան աւելցուց որ կէսդարեայ իր ծառայութիւնները կատարած է համոզումով եւ հաւատքով:

Եկեղեցւոյ Հովիւը, Ծխական Խորհուրդն ու բոլոր յարակից մարմինները կը շնորհաւորեն Պրն. Բենիամին Մամուրեանի դարադարձը ու կը մաղթեն որ համբերութեամբ տանի Աստուծոյ շնորհած օրերը:

 

Donate