ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒ ՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒ ՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Արշալոյս  Գանտահարեան

Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած Տարեցներու Օրուայ տօնակատարութիւնը տարբեր ընթացք ստացաւ այս տարի։ Այսպէս, քանի որ Համբարձման օրուայ տօնակատարութիւնը շատ մօտ էր Տարեցներու տարեկան հիւրասիրութեան, որոշուեցաւ երկու կարեւոր միջոցառումները միատեղել Ս. Ե. Հ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող Այցելութեան Յանձնախումբի համագործակցութեամբ։

Հրաւէներ ուղարկուեցան տարեցներու տուներու վարչութեանց, գաղութիս հայկական կազմակերպութեանց եւ ընդհանրապէս համայնքիս տարեցներուն, զիրենք հրաւիրելով այս միացեալ ձեռնարկին, որը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2014-ին։

Այդ օրը, ժամը 11։00-ին արդէն բաւական թիւով տարեցներ եւ հրաւիրեալներ ժամանած էին եկեղեցի, ուր Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան մատուցեց Ս. Պատարագ եւ բաշխեց Ս. Հաղորդութիւն։ Աւարտին, իր քաջալերական եւ մխիթարական խօսքին մէջ շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Հայրեր՝ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան, Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեան եւ Տ. Արէն Վրդ. Շահինեան, որոնք Թեմական Ժողովի մասնակցելու համար քաղաքս կը գտնուէին։

Հոգեպէս բաւարարուած՝ ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահը, ուր գեղեցկօրէն զարդարուած սեղանները գարնանային շունչ էին բերած ներս։ Յանձնախումբերու տիկինները ջերմօրէն դիմաւորեցին հիւրերը եւ զանոնք առաջնորդեցին որոշուած տեղերը։

Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Ժագլին Իսաղուլեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց Տէր Հայրը, որ օրհնէ սեղանները։

Ախորժաբեր աղանդերները եւ տիկնանց կողմէ պատրաստուած ճաշն ու անուշեղէնը ճաշակելէ վերջ, տեղի ունեցաւ Համբարձման Տօնի յատուկ վիճակի բաժինը։ Կողովներու մէջէն քաշուած վիճակի քառեակները աշխուժութիւն բերին մեր տարեցներուն։ Ոմանք չէին կրնար կարդալ, բայց կարդացուածը կը հասկնային եւ վայրկեանի մը համար կ’ապրէին իրենց երիտասարդութեան օրերը։

Տէր Հօր առաջնորդութեամբ սեղաններուն դրուած հայկական ուրախ երգերուն մասնակցեցաւ գրեթէ ամէն ոք։ Պրն. Մինաս Սէլեան, իր իւրայատուկ ձայնով ու ոճով երգեց «Աղուէսը նստեր …» երգը՝ արժանանալով ջերմ ծափահարութեան։

Այցելութեան Յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Տիկ. Նորա Պալթայեան։ Ան անգլերէնով եւ մէկ առ մէկ ներկայացուց օտար վարչութեանց ներկայ անդամները եւ հայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որ յանձն առած էին մեր մամիկներն ու պապիկները բերելու եւ ուրախ օր մը անցընելու՝ հայկական մթնոլորտի մէջ։

Տիկ. Պալթայեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր տիկիններուն, անդամուհի կամ ոչ, որ ամենայն բծախնդրութեամբ կազմակերպած էին այսպիսի հաճելի ցերեկոյթ մը։
Տիկիններու շուրջպարով վերջ գտաւ այս ուրախ եւ զուարճալի օրը։ Արդէն ժամն էր մեկնելու։ Բոլորն ալ բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին, իրենց հետ տանելով անմոռանալի օրուայ մը յիշատակները։

Նկարներ…   Photos…

Donate