Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Ս.Ե.Հ.Ա. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 10- 2018-ին, եկեղեցւոյս “Մակարոս Արթինեան”  ներքնասրահին մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի: Ներկայ էին եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի Ռօզին Իմաստունեան, վարժարանիս նախկին տնօրէնուհիներ Տիկներ Սիրվարդ Միքայէլեան եւ Սեդա Գանտահարեան, Ս. Սահակ եւ Ա Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհի` Դոկտ Արփի Փանոսեան- Մըթարթ, պատուական հիւրեր, նուիրատուներ եւ ծնողք:

Հանդիսութիւնը սկսաւ” Տէրունական Աղօթք” եւ “Զգործս Ձեռաց Մերոց” աղօթքներով, որմէ ետք վարժարանիս աշակերտութիւնը խմբերգեց” Ամէն Հայի” երգը ղեկավարութեամբ Արինա Յաքոբյանի: Հայտագրի աւարտին աշակերտութիւնը հրամցուց  ուրիշ երգեր զոր խանդավառելով եւ ճոխացնելով մթնոլորտը  արժանացաւ ծափողջունի:

Հռիփսիմէ Սիմոնեանի բացման խօսքէ ետք տեղի ունեցաւ վարժարանիս գեղարուեստական յայտագիրը: Այս տարուայ նիւթ ունենալով Վեհափառ Հայրապետի կոչումով “Երիտասարդներու Տարի” հռչակման:

Յիսուս Մանուկները- Կը Սիրէ- Կը Հոգայ- Կը Խրատէ- Կ’առաջնորդէ- Կը Պաշտպանէ- Կը սորվեցնէ:

Փոքրերը արտասանեցին” Բարի Յիսուս” աղօթքը եւ” Քաջ Վարդան”

Զանազան կարգերու աշակերտները ներկայացուցին սաղմոսներ, աղօթքներ, առակներ եւ համարներ բոլորը ցօնուած Աստուածաշունչէն: Ներկայացուեցաւ Թատրոն մը “Հրեշտակ” վերնագրով եւ ունեցանք մեներգող մը :

Տնօրէնուհի Տիկ. Սօսի Պարունեան ընթերցեց տարուայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք բարձր նկատած են կիրակնօրեայ վարժարանը եւ իրենց մասնակցութիւնը բեռած թէ նիւթապէս եւ թէ աշխատանքով:

Այժմ բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Զարեհը յանձնելու վկայականները մեր աւարտական աշակերտուհիներուն

Մարիամ Ճէնք

Ալին Նիսանեան

Էլիզաբէթ Ավանէսյան

Որմէ ետք, Տէր Հայրը իր սրտի խօսքն ու մաղթանքները փոխանցեց եւ շնորհաւորեց տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, օգնականները, աշակերտները եւ ծնողները:

Շնորհիւ մեր նուիրատուներուն եւ տնօրէնութեան ,մրցանակներ եւ ծաղկեփունջեր տրուեցաւ վկայեալ աշակերտներուն,” ճաշու գիրք” կարդացողներուն, օգնականներուն, ինչպէս նաեւ մեր նուիրեալ ուսուցչուհիներուն:

Ապրին մեր աշակերտները եւ անշուշտ գնահատանքը կ’երթայ մեր նուիրեալ ծնողներուն որոնք ամենայն զոհողութեամբ կը բերեն իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ Վարժարան, ստանալու կրօնական, հայկական եւ հաւատքի դաստիարակութիւն:

Յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով եւ անուշեղէններով եւ բոլորը ուրախ եւ հպարտանքով հրաժեշտ տուին ուսուցչական կազմին բարձր գնահատելով անոնց անխոնջ աշխատանքը, որոնք մեծ նուիրումով, Աստուածապարգեւ ծառայութեամբ կրօնական դաստիարակութիւն կը սերմանեն մանուկներուն հոգիներուն մէջ:

Բոլորին Վարձքը Կատար

Տնօրէնուհի
Սօսի   Պարունեան

Click here for more pictures






SUNDAY SCHOOL END OF THE YEAR CONCERT

The Holy Trinity Armenian Church’s Sunday School End of the year Concert took place on Sunday, June 10, 2018 at “Magaros Artinian” Hall. To show their support to our students at this event were present Vicar of the Armenian Church Diocese of Canada and Parish Pastor Rev. Archpriest Fr. Zareh Zagrarian, the Parish Council Chair, Mrs. Rosin Imasdounian and the previous Principal of Sunday School Mrs. Seta Kandaharian, Mrs. Sirvart Mikaelian, Principal of St. Sahag and ST. Mesrop Armenian Saturday School, Dr. Arpi Panossian Muttart, guests of honour, supporters and parents.

The students presented prayers, psalms and readings from the Bible, as well as musical presentations.

Fr. Zareh Zargarian and the Principal of Sunday School Mrs. Sossi Barounian presented certificates to the graduates.

Thanks to our donors the students and volunteers received awards and recognition as well.

Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian delivered a heartfelt speech appreciating the devoted work of Sunday School’s Principal, teachers, volunteers and parents for providing the children with the Christian education in a loving and caring environment. The event concluded with Fr. Zareh’s prayer and a small reception organized by parents and teachers.

The Sunday School classes will resume on Sunday, September 16, 2018 on the Feast day of Holy Cross.

 

Donate