ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

ՍԲ. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանի ամանորի խրախճանքն էր: Սրահը զարդարուած էր Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զարդարանքներով: Աշակերտները շքեղ Կաղանդի հագուստներ հագած, ժպիտները իրենց դէմքին, ուրախութեան ու խանդավառութեան ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծած էին սրահին մէջ:

Մինչեւ Կաղանդ Պապուկին այցը, խաղերու եւ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ, աշակերտները զանազան ձեռային աշխատանքներով զբաղեցան, եւ այս բոլորը կազմակերպուած էր նուիրեալ ուսուցչուհիներու կողմէն: Յանկարծ զանգակին ձայնը լսուեցաւ ու սրահին դրան առջեւ երեւաց Կաղանդ Պապուկը: Անբացատրելի էր բոլորին ուրախութիւնըեւ փոքրիկները երգելով ու պարելով դիմաւորեցին Կաղանդ Պապուկը: Ապա աշակերտները ստացան կաղանդչէքները ու յիշատակի նկար ունեցան Կաղանդ Պապուկին հետ:

Խնջոյքն ու զուարճութիւնը սկսաւ ծնողքի, աշակերտութեան եւ բոլոր ներկաներու ուրախութեամբ եւ աւարտուեց հրաժեշտի, շնորհակալութեան եւ լաւագոյն բարեմաղթաներ փոխանակելով: Բոլորն ալ բաժնուեցան ժպիտներով եւ գալիք 2017-ին կրկին իրար տեսնելու ակնկալիքով:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ուրախ nւ բարի Աւետիսը թող լեցնէ բոլոր հաւատացեալներուն հոգիներն ու տուները եւ թող մեր բոլորի կեանքին մէջ բերէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիուն:

Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Օրհեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի

Լուսանկարներ

s-img_8616
s-img_8634

Donate