ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Օժանդակութեամբ Թորոնթոյի քաղաքա­պե­տու­թեան եւ նախաձեռնութեամբ քաղաքապե­տա­կան խորհուրդի անդամ Ճիմ Գարիճիանիսի, Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժա­մը 10-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու յիշատակին նուիրուած ծառատնկում, Սքարպորոյի լ՚Ամորօ զբօսայգիին (L’Amoreaux Park) մէջ։ Սոյն ծրագրին մաս­նակ­ցեցան նաեւ յոյն եւ հայ համայնքները։

Հայերս, ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նա­հատակներուն, ստանձնած էինք 150 ծառերու տնկումը։ Այս արարողութեան ներկայ էին բազ­մա­թիւ հայորդիներ, իրենց կողքին ունենալով Սբ. Երրորդութիւն Հայց Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցիէն Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը,Արժ. Տ. Կո­մի­տաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեանը եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիէն Վեր. Դոկտ. Րընէ Լեւոնեանը, որոնց օրհնութեան աղօթքով սկսաւ ծառատնկումը։

Tree Planting Sep 12 2015Ճիմ Գարիճիանիս՝ շրջապատուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Թորոնթոյի Մարմնի անդամներով։

Donate