ԵՐԳԵՐ ՓՈԽԱՆ ԽՕՍՔԻ

ԵՐԳԵՐ ՓՈԽԱՆ ԽՕՍՔԻ

Late Araxi KassardjianՏիկին Արաքսի Գասարճեանի Յիշատակին

Մայիս 15, 2011

Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան,
Սիրելի հայրենակիցներ, Ս. Երրորդութիւն. Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասի կողմէն բարի գալուստ կըմաղթեմ բոլորիդ Արաքսի Գասարճեանին քառասունքին յիշատակի այս հանդիսութեան:

Այս առիթով  Եկեղեցւոյս Դպրաց Դասը պիտի ներկայացնէ երեք երգ՝ Փունջ մը, որամփոփ կը ներկայացնէ Տիկ. Արաքսիի անձը՝ ինչպէս մենք, իբր դպրաց դասիանդամներ, բախտաւորութիւնը, պատիւն ու ուրախութիւնը ունեցանք վայելելու:Անձ մը որ մեր բոլորին համար եղաւ օրինակելի եւ տպաւորիչ իր ազնուութեամբ,հիւրասիրութեամբ, համբերատարութեամբ, հոգածութեամբ, գուրգուրանքով եւհայրենասիրութեամբ:

Այս երգերուն ընդմէջէն կ’ուզենք տօնել Տիկ. Արաքսիի նուիրական կեանքը հանդէպմեր գաղութին, եկեղեցւոյ եւ դպրաց դասին, օրինակ վերցնելով հետեւեալ երեքերգերը.

Այսօր Երկնայինքն Ուրախացան – Հոգեգալստեան շարականը, որ կ’երգենք Ս.Պսակի արարողութեան սկիզբը:  Տիկ. Արաքսին իր քառասուն տարիներուծառայութեան ընթացքին երգեհոնով մասնակցեցաւ մեզմէ շատերու պսակներուն,արարողութենէն առաջ պսակուողներուն համբերութեամբ  բացատրելով ծէսիկանոնը:


Վարանիմք ի Մեղաց – Աստուածածնայ նուիրուած միջնադարեան տաղ մը, որունմիջոցաւ մենք կը փափաքինք յիշատակել Տիկ. Արաքսիին մեր բոլորին հանդէպցուցաբերած մայրական ջերմ գուրգուրանքը, ուղղութիւնները, ճշդումներն ունկատողութիւնները:


Ո՜վ Հայոց Աշխարհ – թէեւ հակիրճ, սակայն լուռ ու խորունկ հայրենասիրականզգացումներ արտայայտող երգը, որ ան ներշնչումով կը նուագէր գրեթէ ամէնՊատարագէ ետք, երբեմն Major-ի փոխելով երգի վերջին ձայնանիշը՝ ցոյց տալով իրմշտական լաւատեսութիւնը:

Շնորհակալութիւն

Շահէ Ալթունեան

Donate