Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի Այցը Թորոնթոյի Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարան

Գանատայի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի Այցը Թորոնթոյի Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարան

English text follows.
 
Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի այցը Թորոնթոյի Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ վարժարան
Շաբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձի եւ դպրոցական վերամուտի առիթով, Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սբ. Սահակ եւ Սբ. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ վարժարան այցելեց, Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, որուն հիւրընկալեցին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա.Քհնյ. Զարգարեանը, Հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանը, վարժարանի տնօրինութիւնն ու խնամակալութիւնը եւ ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը:
Տիկին Յարութիւնեանն իր խօսքին ընդմէջէն իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հայրենիքէն հազարւոր քիլօմեթրեր հեռու այս գաղթօճախին մէջ կը գործէ նման կարեւոր կրթական հաստատութիւն մը ուր կը փոխանցուի հայրենաշունչ եւ ազգանուէր դաստիարակութիւն: Իր կարգին Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը բարձր գնահատեց տնօրինութեան, խնամակալութեան եւ ուսուցչական կազմի տարած աշխատանքը եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց բոլորին:
 
 
Her Excellency Mrs. Anahit Haroutyounian’s visit to St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School of Toronto
 
On Saturday, September 21, 2019, on the occasion of the 28th anniversary of the Independence of the Republic of Armenia and on second Saturday of school’s re-opening, the Ambassador of the Republic of Armenia to Canada, Her Excellency Mrs. Anahit Haroutyounian visited St. Sahag and St. Mesrob Armenian Saturday School of the Holy Trinity Armenian Apostolic Church of Toronto, where she was received by the Vicar of the Armenian Church Diocese of Canada and Pastor of Holy Trinity Armenian Apostolic Church of Toronto the school’s Principal, Board members, teachers and students.
In her speech, Mrs. Haroutiunian expressed her joy to witness that in this community, thousands of miles away from Homeland, this amazing educational centre has been nourishing the students with the Armenian language, culture and heritage.
Fr. Zargarian expressed his heartfelt message and highly appreciated the incredible work done by St. Sahag and St. Mesrob Armenian School’s Principal, administration, teachers and volunteers and conveyed his blessings to all.
 
 
 
Donate