Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ

Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեանի Անդրանիկ Սուրբ Պատարագը Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս.Ե.Հ.Ա. Եկեղեցւոյ Մամլոյ Գրասենեակ

 

Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հայրական օրհնութեամբ, Կիրակի, Օգոստոս 4, 2019-ին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի նորանշանակ Օգնական՝ Արժ. Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան:
Ս. Պատարագի ընթացքին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանը, ընթերցեց Սրբազան Հօր տնօրինութիւնը՝ Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեանի Հոգեւոր Հովիւի Օգնական նշանակման առնչութեամբ: Տէր Զարեհը իր ուրախութիւնը յայտնեց այս նշանակման առթիւ եւ յանուն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհրդի, Յարակից Մարմիններու եւ հաւատացեալներու, բարի գալուստ եւ յաջողութիւններ մաղթեց ի փառս Աստուծոյ, Անոր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հաւատացեալներուն մատուցած ծառայութեան մէջ:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հաւատացեալները շնորհաւորեցին Տէր Հայրը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բարի գալստեան մտերմիկ ընդունելութիւն՝ կազմակերպուած Ծխական Խորհուրդին կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Տիկ. Ռոզին Իմաստունեանի: Ընդունելութեան ընթացքին ներկաները յաջողութիւններ մաղթեցին Տէր Հօր իր այս նոր առաքելութեան մէջ:

 

 

Donate