Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ – Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ – Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

 

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Օրհնեալ է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

 

Սիրելի հայորդիներ,
Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծննդեան տօներու առթիւ կ՛ողջունեմ Ձեզ եւ կը մաղթեմ, որ գալիք 2021 տարին Ձեր բոլորի համար ըլլայ օրհնաբեր, առողջութեամբ եւ հաւատքի բազում գործերով լի յաջողութեան տարի։
Անցնող տարեշրջանին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակող մեր ժողովուրդի զաւակները ոչ միայն պայքարեցին աներեւոյթ համավարակի դէմ, այլ նաեւ պարտադրուեցան կենաց եւ մահու անհաւասար ուժերով պայքար մղելու Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ հրահրած պատերազմին:
Գոյապայքար, որուն հետեւանքով մենք ունեցանք հայրենիքի պաշպանութեան համար նահատակուած հազարաւոր հայ զինուորներ, սպաներ եւ կամաւորներ, վիրաւորներ, անյայտ կորսուածներ եւ գերիներ, ինչպէս նաեւ մեր պատմական հայրենիքի՝ Արցախի տարածքի մեծամասնութեան կորուստ, եւ այդ պատճառով աւերուածութիւններ, հազարաւոր անօթեւան ընտանիքներ: Թող Աստուած Իր երկնային խորաններուն մէջ ընդունէ հայոց բանակի նահատակ զինուորներուն եւ սպաներուն հոգիները, առողջութիւն պարգեւէ բոլոր վիրաւորեալներուն եւ ազատութիւն պարգեւէ բոլոր գերիներուն:
Սիրելիներս, Նոր Տարուայ սեմին իմ սրտաբուխ աղօթքն է, որ շուտով վերջ գտնէ համավարակը: Թող մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սբ. Ծնունդը Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան պարգեւէ խաղաղութիւն, սէր, միութիւն եւ հաւատքի զօրութիւն, որպէսզի մենք ձեռք ձեռքի տուած վերակառուցենք եւ շենցնենք մեր հայրենիքը – յիշեցէ՛ք. միութիւնը զօրութիւն է:
Արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ առ այսօր մեր սուրբ եկեղեցին կը շարունակէ իր նիւթական եւ մարդասիրական մասնակցութիւնը բերել ի նպաստ մեր հայրենիքին, որուն համար իմ խորազգաց գնահատանքը կը յայտնեմ բոլորին, իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար:
Սիրելիներս, անցնող տարուայ ողջ ընթացքին, հակառակ համավարակի պատճառած բոլոր սահմանափակումներուն եւ դժուարութիւններուն, ուրախ եմ յայտնելու, որ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցին անխափան կը շարունակէ իր արարողութիւնները եւ ծիսակատարութիւնները, որոնք նաեւ կը սփռուին եկեղեցւոյս դիմատետրի ուղիղ եթերի միջոցաւ:
Այս առթիւ իմ խորին շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքը կը յայտնեմ Եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդին, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերուն, յարակից բոլոր կազմակերպութիւններուն, մարմիններուն, բոլոր կամաւորներուն եւ պաշտօնէութեան, իրենց անձնուրաց ծառայութիւններուն համար:
Սիրելիներս, հաճեցէք նկատի ունենալ, որ անցնող տարի համավարակի պատճառով, եկեղեցիս ստիպուեցաւ չեղարկել իր բոլոր հաւաքոյթները եւ  հասութաբեր ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյս Տարեդարձի տօնակատարութիւնը եւ ճաշկերոյթը։ Այս բոլորը եկեղեցիս մատնած են նիւթական խիստ դժուարութիւններու:
Արդ, այսու խնդրանքով կը դիմենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնը կատարելու մեր սուրբ եկեղեցւոյ, սատարելով Աստուծոյ տան եւ մեր բոլորին սիրելի Սբ. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ անխափան գործունէութեան եւ յարատեւութեան:
Ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար, յանուն եկեղեցւոյս Ծխական Խորհուրդին, կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սբ. Ծնունդ:
Թող Աստուած օրհնէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մեզ բոլորս:
Մնամք սիրով եւ աղօթքով՝
Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան
Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ
Հոգեւոր Հովիւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ

 width=

 width=

 width=
 width=

 width=

 

Donate