ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

transfigurationmosaicՀայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մին է« որ կը կոչուի նաեւ Պայծառակերպութիւն՝ Քրիստոսի պայծառ ու լուսաւոր երեւալէն« եւ Վարդավառ՝ հին հեդանոսական տօնին անունէն։

Շուրջ երեք տարի քարոզչութենէ ետք« Յիսուս այլեւս ժամանակը եկած կը նկատէր Երուսաղէմ երթալու© կը սկսի իր աշակերտները պատրաստել եւ կանխատեսութիւններ ընել ի մօտոյ իրեն սպասող տաժանագին չարչարանքներով ասդենական իր կեանքի մասին։ Այս զրոյցներէ շուրջ մէկ շաբաթ ետք« Յիսուս կ՝ունենայ Այլակերպութեան հրաշատեսիլ պահը« երբ աղօթքի համար երեք աշակերտներուն (Սիմոն-Պետրոս« Յակոբոս եւ եղբայրը՝ Յովհաննէս) հետ բարձրացած էր Սուրբ Լերան մը գագաթը« Թաբոր։ transfigurationmosaic.jpg

Երբ Յիսուս կը սկսի սովորական գիշերային հսկումի իր աղօթքներուն« աշակերտները յոգնած ըլլալնուն կը սկսին մրափել« քնանալ։ Այդ միջոցին հրաշալի լուսաւորում մը կը պայծառացնէ դէմքը։ Յիսուս կ՝այլակերպուի։ Կը ստանայ բոլորովին տարբեր երեւոյթ։ Գերազանց այդ լուսաճաճանչման անդրադարձումով« մրափող երեք աշակերտները զարթուցեալ՝ վեր կը բարձրացնեն իրենց գլուխները« հիասքանչ կը դիտեն աննախընթացօրէն լուսաւոր այդ պատկերը։ Ուշ գիշեր է« եւ արեգակնային լուսաւորութիւն։ Աշակերտները կը շփոթին« չեն գիտեր ինչ ընել« ինչ խօսիլ©©©©©©։

Աննախընթաց այդ երեւոյթին մէջ կը տեսնեն երկու ա՝յլ էակներ եւս© արք երկու։ Անոնք կը խօսէին վարդապետին հետ մնացեալ կեանքի սակաւ այն միջոցի մասին« երբ Երուսաղէմի մէջ Անոր պիտի սպասէր գերագոյն զոհաբերութիւնը ի խնդիր մարդկութեան փրկութեան։ Անոնք՝ արք երկուքը« կերպարներն էին Մովսէսի եւ Եղիայի մարգարէներուն։ Ի վերջոյ« երեք աշակերտներու շփոթեանց թարգմանը դարձեալ կ՝ըլլայ ինքը Պետրոս« որ բան մը խօսելու համար կ՝ըսէ© ՚Վարդապետ« լաւ է որ մենք այստեղ ենք© շինենք երեք տաղաւարներ© մէկը՝ քեզի« մէկը Մովսէսին« մէկը© Եղիային համարՙ©©©©©©(Ղուկ© Թ© 33)։ Հրաշատեսիլը հետզհետէ կը հասնէր լրումին։ Տէրունական կեանքի վերջին դրուակի բաժինը կը փակուէր Աստուածային այն նոյն թելադրանքի կրկնութեամբ« ինչ որ լսուած էր առաջին անգամ« երբ Յիսուս մկրտուած էր Ս© Յովհաննու Մկրտիչին ձեռքով ի Յորդանան (Մատթ© Գ© 17)։ Դա է Որդին իմ Սիրելի« Որդին իմ ընտրեալ« ընդ որ հաճեցայ։ Դմա՛ լուարումք (Ղուկ© Թ© 35)։ Վերջ կը գտնէ Այլակերպութեան պահը։

Հայ Եկեղեցին Այլակերպութինը սկիզբը միացուցած էր հայոց հին ամանորինկամ Նաւասարդին« որ կը զուգադիպէր Օգոստոսի 11-ին։ Մեր եկեղեցւոյհայրապետները նկատի առած են որ Ս© Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարտօնն ալ կը զուգադիպի Օգոստոսին« խոհեմութիւն համարուած է« որ տաղաւարկոչուած մեծ տօներու միջեւ պահուի որոշ հեռաւորութիւն մը։

            Այլակերպութեան յիշատակութեան տեղաշարժը Հայկական Տոմարիհաստատումէն ետք« նոյնացուեցաւ հայ հեթանոսական կրօնի շատ ժողովրդականդիցուհիներէն՝ Ասղիկին եւ անոր մինչ այդ առկայ եւ շարունակուող հեթանոսականաւանդութիւններուն։

            Ասղիկը« սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհին էր։ Անոր նուիրուած կրօնականտօնախմբութիւնները կը կոչուէին Վարդավառ եւ պաշտամունքայինաւանդութիւնները կը կատարուէին Յուլիսի կէսերուն։  Աստղիկ կը նկատուէր ոչմիայն Գեղեցկութեան« այլեւ Ջուրի եւ Սիրոյ աստուած։ Անոր նուիրուածաղօթքներուն կամ արտայայտուած բաղձանքներուն մէջ հայը ջուր կ՝աղերսէրյոգուտ մշակելի իր դաշտերուն« պտղատու հողերուն եւ այգիներուն։ Սովորութիւնկար նոյն տօնին« նաեւ աղաւնիներ թռցնելու« ջրախաղեր կատարելու« խնճոյքներկազմակերպելու։

Որքա՞ն հնութիւն ունին Վարդավառի աւանդութիւնները եւ ուրկէ՞ կու գան անոնք©©©©©©©©©©©։

Վարդավառին« ջրախաղերու« աղաւնիներ թռցնելու սովորութեանց մասին ստորեւ աւանդութիւն մը« որ կրնայ բացատրութիւն մը նկատուիլ կամ լուսաբանել անոնց բնոյթն ու յարակցութիւնները©

Երբ կը լրանայ Ջրհեղեղը եւ Նոյ Նահապետ Մասիսի գագաթէն կ՝իջնէ Նախիջեւան« կը պատուիրէ որդիներուն՝ ջուր ցողել իրարու վրայ« որպէսզի մարդիկ անմոռաց պահեն Ջրհեղեղին յիշատակը։

Կ՝ըսուի« թէ Վարդավառի տօնակատարութեան ընթացքին մանուկները« ծերեր« այրեր ու կիներ տուներու մէջ« փողոցները« դաշտերը« գետերու ափին« աղբիւրներու եւ առուներու մօտ կուժերով իրարու վրայ ջուր լեցնելը կամ զիրար ջուրերուն մէջ մխրճելը՝ Նոյի ժամանակներէն մնացած է Հայաստան աշխարհին մէջ։

Մինչեւ այսօր՝ յիշեալ աւանդութիւնները կը մնան ուժի մէջ« անշուշտ որոշ չափով։

Շնորհաւորելի են բազմաթիւ անուններ©

Վարդգէս« Վարդավառ« Վարդ« Պատրիկ« Ալվարդ« Զարվարդ« Լուսվարդ« Նուարդ« Պայծառ« Վարդանոյշ« Վարդիթեր« Վարդուհի« Վարվառէ« Սասվարդ©©©©©©©©©©©©©©©©©©©©©©

Donate