ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Պաշտամունքային Աղօթք Ընտանեկան Արժէքներու Մասին

Սիրող եւ ողորմած Աստուած, Օգնէ մեր համայնքի իւրաքանչիւր ընտանիքին, որպէսզի իրենց հաւատքը ապրին իրարու եւ ուրիշներու հանդէպ կարեկցանք ցոյց տալով.
Լսէ՛ մեր աղօթքը, ո՜վ Աստուած:
Օգնէ իւրաքանչիւրին որ բարութիւն ցոյց տայ ուրիշին եւ բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպի. Լսէ՛ մեր աղօթքը, ո՜վ Աստուած:
Օգնէ որ մեր ընտանիքները գիտակից խոնարհութեամբ Քու փառքդ ու մեծութիւնդ յիշեն. Լսէ՛ մեր աղօթքը, ո՜վ Աստուած:
Օգնէ որ մեր ընտանիքները հեզութիւն սորվին, միշտ Քեզի փառք տալով. Լսէ՛ մեր աղօթքը, ո՜վ Աստուած:
Օգնէ որ մեր ընտանիքները իւրաքանչիւր հարազատի նկատմամբ համբերութիւն սորվին: Լսէ՛ մեր աղօթքը, ո՜վ Աստուած.
Սակայն ամէն բանէ առաջ, իւրաքանչիւր ընտանիք օժտէ Քու սիրովդ, որպէսզի անոնք կարենան այդ սէրը ուրիշին արտայայտել.
Լսէ՛ մեր աղօթքը, ո՜վ Աստուած:
Այս բոլորը մենք կը խնդրենք, յանուն Յիսուս Քրիստոսի. Ամէն:

Միջնորդութեան Բարեխօսութեան Աղօթք Ընտանիքներու Համար

Բոլոր ժամանակներու եւ վայրերու Աստուած,

Կը խնդրենք Քեզմէ որ լսես այս աղօթքը անոնց,

որոնք զայն կ’արտասանեն բարձրաձայն թէ լուռ:
Ընտանիքներու համար, որոնք կը դժուարանան

իրարու հետ սիրոյ լեզուով խօսելու.
Ընտանիքներու համար, որոնք կը հրճուին միասին ըլլալով,
Ընտանիքներու համար, որոնք քիչով կ’ուզեն ապրիլ
որպէսզի ուրիշները աւելի շատ ունենան,
Ընտանիքներու համար, որոնք զիրենք տաք պահող

հագուստ չունին կամ անօթի անկողին կը մտնեն.
Ընտանիքներու համար, որոնք միասին կը կարդան խօսքերդ.
Ընտանիքներու համար, որոնք ժամանակ չեն գտներ միասին ըլլալու. իմ ընտանիքիս համար. Իմ համայնքիս ընտանիքներուն համար. ներկայ հաւատացեալներու ընտանիքներուն համար.

Աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն համար: Մենք կ’աղօթենք բոլոր ընտանիքներուն համար,որպէսզի սէրը զօրանայ եւ իրենց ընդմէջէն փայլի ամենուր: Ամէն:

Օրհնութիւն Ընտանիքներու Համար

Օրհնէ իւրաքանչիւր ընտանիք որ ներկայ է հոս, Զարմանահրաշ Աստուած, անոնց միշտ յիշեցուր որ Քեզի կը պատկանին: Սուրբ Հոգին ղրկէ իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամին, պզտիկ թէ մեծ, որպէսզի Քու ներկայութիւնդ զգալով Քու հովանիիդ տակ ապրին. Ամէն:

Donate