Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեաց
Առաք. Եկեղեցւոյ
Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս
Սօսի Պարոնեան, Տնօրէնուհի
Ս.Ե.Հ.Ա.
Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 12,
2011-ին, Եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» ներքնասրահին մէջ, յաւարտ Ս.
Պատարագի: Ներկայ էին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր
Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Ճօն
Սաթուրի, Դստերք Վարդանանց «Արտեմիս Օթեակի» ներկայացուցիչ՝ Տիկին Տիանա Պօղոսեան,
Վարդանանց Ասպետներու »Ալիշան Դահլիճի» ներկայացուցիչ՝ Տիար Մատաթ Բ. Մամուրեան,
Թէքէեան Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկին Սիրվարդ Պէնէտիքթ, Կիրակնօրեայ
Վարժարանի նախկին տնօրէնուհիներ՝ Տիկ. Սիրվարդ Միքայէլեան եւ Տիկ. Սետա
Գանտահարեան, Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Տնօրէն՝ Տիար Եդուարդ
Պալեան, պատուական հիւրեր, նուիրատուներ եւ ծնողներ:
Հանդիսութիւնը
սկսաւ Վարժարանիս ուսուցչուհիներէն Տիկ. Հռիփսիմէ Թահմազեանի բացման խօսքով:
Վարժարանիս աշակերտութիւնը խմբերգեց «Տէրունական Աղօթք»ը, Վարժարանիս քայլերգն ու
շարականներ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տիկ. Էլիզապէթ Աշըքի:
Գեղարուեստական
յայտագիրը սկսաւ «Աշխարհի Ստեղծագործութիւն»ը ներկայացումով, կատարողութեամբ Նարէ
Թահմազեանի եւ մասնակցութեամբ մանկապարտէզի աշակերտներուն: Զանազան կարգերու
աշակերտներ ներկայացուցին Սաղմոսներ թիւ 148, 100 եւ 8, որոնք Ստեղծագործութեան հետ
կապակցութիւն ունին: Դաշնակի վրայ երկուքական կտոր նուագեցին Եղիա Պօղոսեան եւ
Էնտրու Շմիթաթ: Փոքրերէն Անի Քէրամէթլեան, Արփինէ Միրզոյեան եւ Փոլ Քէչէչեան
արտասանեցին «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքը:
Բարձր
դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի «Իմ Հայաստան» քերթուածը եւ
«Աղօթք»ի իմաստին բացատրութիւնը:
Բեմ
հրաւիրուեցաւ Տէր Զարեհը, որ իր մաղթանքները փոխանցեց, շնորհաւորեց տնօրէնութիւնը,
ուսուցչական կազմը, օգնականները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Տնօրէնուհի
Տիկ. Սօսի Պարոնեան կարդաց տարուայ գործունէութեան տեղեկագիրը, վերյիշելով Տապլինի
Ս. Հռիփսիմէ Առաքելական Կիրակնօրեայ Վարժարանին ուղարկուած շնորհակալագիր նամակը,
նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք բարձր նկատած են Կիրակնօրեայ
Վարժարանը եւ մասնակցութիւն բերած են թէ նիւթական եւ թէ աշխատանքով:
Շնորհիւ
մեր նուիրատուներուն, մրցանակներ բաշխուեցան լաւագոյն եւ տիպար
աշակերտներուն: Ճաշու Գիրք կարդացողներուն
եւ օգնականներուն, ինչպէս նաեւ նուիրեալ ուսուցչուհիներուն գնահատանքի
յուշանուէրներ տրուեցաւ:
Մեր
նուիրեալ ծնողներուն կողմէ ներկաները հիւրասիրուեցան սուրճով ու անուշեղէններով:
Բոլոր
ծնողներն ու ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ հպարտանքով հրաժեշտ տուին
ուսուցչուհիներուն, վերամուտին դարձեալ տեսնուելու յոյսով:
Վարձքը
կատար բոլորին եւ բարի արձակուրդ: