«ՍԱՍՈՒՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ 7-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ԵԼՈՅԹԸ
Սետա Գանտահարեան
Ժողովուրդներու մշակութային հարուստ
ժառանգութեան մէջ, որը ստեղծուած է բազմադարեան պատմութեան ընթացքին, չափազանց
կարեւոր տեղ կը գրաւէ պարը:
Ի~նչ հրաշալի իրականութիւն պարզուեցաւ այդ
օրը, երբ մեր պատանիներն ու երիտասարդուհիները հանդէս եկան իրենց 7-րդ տարեկան
երկու ելոյթով, Շաբաթ, Յունիս 25, 2011, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին եւ երեկոյեան ժամը
7:30-ին, Համազգայինի Թատերասրահին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Ա.
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի:
Հանդէսին խօսնակները, Տիկիններ Սիս
Ապաճեան (հայերէնով) եւ Թալին Պալեան (անգլերէնով), ողջունելէ ետք ներկաները,
ձեռնահասօրէն կատարեցին իրենց պաշտօնը եւ հակիրճ բացատրութիւն տուին պարախումբին
մասին:
«Սասուն» Պարախումբի 60 մասնակիցները
եկած էին 600-է աւելի հանդիսատեսներու ըսելու, թէ պիտի մնան տէրը ազգային մեր
արժէքներուն, թէ պիտի շարունակեն մեր դարաւոր մշակոյթը իրենց պարով,
երաժշտութեամբ, իրենց տոհմիկ տարազներով:
Ամիսներու վրայ երկարող պատրաստութեան մը
արդիւնքն էր ձեռք բերուած յաջողութիւնը շնորհիւ
խումբի ղեկավար ու պարուսոյց՝ Տիար Ճօ Աւագեանին, իր ազնիւ տիկնոջ՝ Սօսի
Աւագեանին եւ օգնական իրենց զաւակներուն՝ Սեւակին եւ Սարինին: Որպէս պարուսոյց ու գեղարուեստական ղեկավար, Ճօ
Աւագեան մեծ եռանդ է ներդրած այս ծրագիրը ժողովրդական պարերով թարմացնելու
ուղղութեամբ: Ան հակուած է տեսնելու լոյսը իրականէն աւելի պայծառ, ստուերը՝ աւելի
նոսրացած:
Հայկական պարը մերթ թախծոտ, մերթ զուարթ
ու կայտառ իր մէջ կուտակած է մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը: Ուստի այսօր մեծ հպարտութիւն է մեր
հանդիսատեսին մատուցելու հայկական պարը, հոն ներդնելով հայ սրտի ջերմութիւնը, անոր
խոհերն ու երազները:
Առաջին մասին մէջ ցուցադրուեցան հատուածներ
2010-ի «Մէկ Ազգ Մէկ Մշակոյթ» փառատօնի տեսերիզէն: Այդ բաժնի փայլը աւելցաւ երբ պաստառը բարձրացաւ
«Վարդավառի» բացման պարով: Հնչեղ երաժշտութեամբ, կարմիր վարդի գոյն տարազներով
բեմահարթակ ելան խումբ մը տղաներ ու աղջիկներ:
Անոնք կը պարէին շռնդալից, ժպտադէմ, հպարտ, ինչպէս կը պարէին իրենց պապերը
Սասնա լեռներու հարսանիքներուն, մարտի դաշտ երթալէն առաջ:
Զարթօնք, Կիւմրի, Արցախ, Հայաստան, Տլէ
Եաման, Բերդ պար եւ այլն. բոլոր պարերը պատմութիւնն էին մեր ժողովուրդին, կռուող
ու մարտնչող, մեռնող ու փիւնիկի պէս յառնող ժողովուրդին. պատմութիւնը անոր պայքարին
ու յաղթանակներուն: Պարային ռիթմը կարծես կը
հոսէր հայոց լեռներէն, տարազներու գոյները կարծես կը շողշողային հայոց դաշտերէն: Զգեստները
հաւասարապէս ներդաշնակ էին եւ կը հմայէին ունկնդիրը:
«Հզօր Հայաստան» պարի (բեմադրութիւն
Սեւակ Աւագեանի) աւարտին բոլոր մասնակիցները արժանացան հանդիսատեսներու յոտնկայս
ծափահարութիւններուն եւ խանդավառ կանչերուն:
Բեմ հրաւիրուեցան պարուսոյցը, իր ազնիւ տիկինը եւ օգնական իրենց զաւակները:
Իբր շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արտայայտնութիւն, յանձնախումբի անունով
յանձնուեցաւ մէկական գեղեցիկ
ծաղկեփունջ: Բեմ հրաւիրուեցաւ Արժ. Տ.
Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Սիս Ապաճեան, որ իր
հերթին բեմ հրաւիրեց Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն. Ճոն Սաթուրին եւ
յանձնախումբի բոլոր անդամները: Յանձնախումբի անդամներէն Խորէն Մարտոյեան գեղեցիկ
առոգանութեամբ կարդաց Հ.Հ.Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը: Վերջինս պարախումբը պարգեւատրած էր պատուոյ
գիրով, իրենց մշակութային գործունէութեան համար:
Այդ պահուն Տէր Հայրը բեմ հրաւիրեց Գանատայի մէջ Հ.Հ. Սփիւռքի
նախարարութեան ներկայացուցիչը՝ Տիկին Գալապրինա Պօյաճեանը, որպէսզի Ճօ Աւագեանին եւ
Սօսի Աւագեանին յանձնէ պատուոյ գիրը:
Երեկոյթի վերջաւորութեան Տէր Հայրը
գովեստով արտայայտուեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պարախումբի ղեկավար Ճօ-ին,
տիկնոջը Սօսիին եւ օգնական զաւակներուն՝ Սեւակին եւ Սարինին, ինչպէս նաեւ
պարախումբի յանձնախումբի այն նուիրեալներուն որոնք օրն ի բուն կազմակերպչական
աշխատանքով եղան ամբողջական թեւ ու
թիկունք: