«ՍԱՍՈՒՆ« ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ

«ՍԱՍՈՒՆ« ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ

«ՍԱՍՈՒՆ« ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ

(ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔ)

 

Պէթթի Փանոսեան

Թուականներ կան որոնց նշանակութիւնը կը զանազանուի այլ թուականներէ, կ՛իմաստաւորուի, կ՛արմատաւորուի եւ կը մնայ յիշողութեան մէջ որպէս եզակի եւ իւրօրինակ երեւոյթ։ Թորոնթոհայ համայնքի հայորդիներուն համար վերոնշեալներէն էր 9 Յունիս, 2018  թուականը։

Առիթը տօնական էր, իսկ անկէ բխած տպաւորութիւնը՝ ոգեւորիչ  ու քաջալերելի։

Նախագահութեամբ՝ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի՝ Փոխառաջնորդ Գանատահայոց Թեմի եւ Հոգեւոր Հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ, Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու «Բարեւ» կեդրոնի «Սասուն» պարախումբը  տարեկան իր 14-րդ ելոյթն էր որ կը ներկայացնէր հանրութեան։ Տարբերուելով նախանցեալ տարիներու ծրագիրներէն, այս տարուան համար նախատեսուած էր ներկայացնել Հայկական Աւանդական Հարսանիքի մը բեմադրութիւնը։

Ամբողջ ելոյթի ընթացքին, պարողները մեծ պատասխանատուութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ զգալի դարձուցին բեմականացման վրայ տիրապետող հայկական ոգին, որ հայելին դարձաւ անցեալ դարու հայկական բարքերուն ու սովորութիւններուն, ի յայտ գալով հայկական հարսանիքի մը հետ առնչուած  պարային զանազան պատկերներու ընդմէջէն՝ սկսած գիւղին մէջ երիտասարդի մը եւ երիտասարդուհիի մը հանդիպումէն, անոնց սիրոյ խոստովանութենէն, Ս. Պսակի արարողութենէն, ապա հասնելով մինչեւ հարսանեկան խրախճանք, մատաղի պատրաստութիւն,  ու այս բոլորը՝ համեմուած երգ ու պարով, երաժշտութեամբ ու ասմունքով։

«Արաքս» Ազգային նուագախումբի դհոլով եւ տուտուկով սրահ մուտքը առաւել ոգեւորեց ներկաները, որոնք իրենց պարերով միացան` հանդիսատեսի նստարանները շրջապատող խումբի անդամներու պարերուն։

Խումբին մաս կազմող՝ թիւով 70 պարման պարմանուհիներն ու պատանիները, յաջողութեամբ կարողացան միաձուլել բեմն ու հանդիսատեսը ամբողջ ելոյթի տեւողութեան, մերթ հեզաճկուն եւ քնքուշ իրենց շարժուձեւերով, եւ մերթ ինքնավստահ արտաքին  երեւոյթով ու կշռութաւոր առնական իրենց պարով։

Մեծ եւ շնորհաւորելի աշխատանք տարած էին խումբի պարուսոյց՝ Սեւակ Աւագեանն ու պարուսոյցի օգնական՝ Սարին Աւագեանը, շաբաթական երկու օր տեւողութեամբ մարզելով խումբի երէց եւ կրտսեր անդամները։ Բեմին վրայ անոնց ոգեշնչող ներկայութիւնը աչքէ չէր վրիպեր։

Շուրջ երկու ժամ տեւած ելոյթը իր աւարտին հասաւ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի շնորհաւորական եւ խրախուսանքի խօսքերով, ուղղուած՝ պարուսոյցին, խումբի անդամներուն ու անոնց ծնողներուն, որմէ ետք Տէր Հօր արտասանած «Պահպանիչ»ով ներկաները գոհ եւ ուրախ բաժնուեցան սրահէն։

Donate