Բարեւ Կեդրոնի Մեկնարկը Գանատահայ Համայնքէն Ներս

Բարեւ Կեդրոնի Մեկնարկը Գանատահայ Համայնքէն Ներս

922 Progress Avenue, Toronto, ON M1G 3T5
Tel. 1(833) HI BAREV (442-2738)
www.barevcentre.com

Բարեւ Գանատահայ Համայնքի Ծառայութիւններու Կեդրոնի Պաշտօնական Բացում

Գանատահայ Համայնքի  Ծառայութիւններու Կեդրոնը, նոր անուանումով` «Բարեւ Կեդրոն», սկիզբ կ՛առնէ Հոկտեմբեր 15, 2017-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ներքնայարկին մէջ։

Սոյն ծրագրին մասնակցելու եւ անոր գործունէութեան ուղեկից դառնալու նպատակով, Բարեւ կեդրոնը, որպէս ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն,  համայնքի իր անդամներէն կը խնդրէ այցելել www.barevcentre.com կայքէջը, ուր կարելի է ստանալ  կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ միջոցներ՝ ներգրաւուելու անոր աշխատանքներուն։

Բարեւ Կեդրոնը կրթական, մշակութային եւ ընկերային բազմաբնոյթ իր գործունէութիւնը կը մատուցէ  Գանատահայ կենսունակ համայնքին, որ իր ուրոյն տեղն ու դերը ապահոված է տեղւոյն բազմամշակոյթ խճանկարին մէջ։

Բարեւ Կեդրոնը նպատակ ունի կամրջել Գանատան եւ Հայաստանը, ինչպէս նաեւ առիթ ստեղծել մշակութային, կրթական եւ արեւտրական գաղափարներու փոխանակման։

Բարեւ Կեդրոնի առաքելութիւններն են.-

-Պատեհ առիթ ստեղծել, որ համայնքի զաւակներ առընչուին իրենց արմատներուն՝ մշակութային, կրթական եւ ընկերային զանազան ծրագիրներու ընդմէջէն, ամրապնդելով պատկանելիութեան զգացումը։

-Ստեղծել հնարաւորութիւններ, հաղորդակցելու տեղւոյն համայնքային, հանրային կամ սեփական հատուածներուն հետ։

-Խրախուսել համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը, ստեղծելով մշակութային փոխ հասկացութեան  եւ զարգացման  առիթներ։

-Ապահովել գործունէութեան միջավայր, ամրապնդելու գանատահայերու մշակութային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը։

– Ստեղծել համագործակցութեան առիթներ Գանատայի եւ Հայաստանի   մէջ գործող կազմակերպութիւններու եւ անհատներու միջեւ,  համայնքային ուժեղ կապեր հաստատելու նպատակով։

«Բարեւ»ը  արդէն իսկ կ՛ընդգրկէ հիմնաւորուած ծրագրեր, ինչպէս՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգային Շաբաթօրեայ վարժարան, Սասուն պարային համոյթ, Լուսաբեմ Թատերախումբ, Հայրենիք Միութիւն, տարեկան կոլֆի եւ քայլարշաւի յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ երիտասարդական խմբակ։


Բարեւ Կեդրոնի փորձառու եւ ժրաջան խորհուրդի անդամներն են՝

Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Հիմնադիր եւ Նախագահ

Լեւոն Գալթաքճեան, Ատենապետ

Սառա Շահմուրադյան, Կառավարական Փոխ Յարաբերութիւններու եւ Դրամաշնորհի Պատասխանատու եւ Ատենադպիր

Արմինէ Պոյաճեան, Կրթական Ծրագիրներու Պատասխանատու եւ Գանձապահ

Աւագ Ղարիբյան, Ընկերային-Հասարակական Հաղորդամիջոցներու Պատասխանատու

Վահէ Գանտահարեան, Լրատուամիջոցներու Հարաբերութիւններու Պատասխանատու

Անի Սարվարեան, Մշակութային եւ Ընկերային Ծրագիրներու Պատասխանատու

Սեւակ Աւագեան, Երիտասարդաց Ծրագիրներու Պատասխանատու


Ս. Երրորդութիւն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մասին

Հիմնուած Թորոնթոյի մէջ՝ 1928-ին, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցին, բազմամարդ եւ աշխոյժ կառոյց է։ Վայելելով ղեկավարութիւնը Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որպէս միաւորող ուժ՝   իր  ծառայութիւնները կը մատուցէ տեղւոյն համայնքին։ Եկեղեցւոյս Կրթական, Մշակութային եւ Ընկերային բոլոր յանձնախումբերը եռանդով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը Բարեւ Կեդրոնի ներքոյ:

Donate