Ա. Քհնյ. Զարգարեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Զինուած Ուժերու «Անդրանիկ Օզանյան» Մեդալով

Ա. Քհնյ. Զարգարեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Զինուած Ուժերու «Անդրանիկ Օզանյան» Մեդալով

Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Զինուած Ուժերու «Անդրանիկ Օզանյան» Մեդալով

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու կազմաւորման 25-ամեակի առթիւ, Հ Հ  Պաշտպանութեան նախարար՝ Տիար Վիգէն Սարգսեանի հրամանով, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու «Անդրանիկ Օզանյան» մեդալով:

Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը սոյն մեդալին արժանացաւ Հայաստանի, Արցախի եւ յատկապէս Հայոց Բանակի կայացման և ամրապնդման մէջ զգալի աւանդ ունենալուն եւ անցնող 25 տարիներու ընթացքին ցուցաբերած հոգատարութեան եւ բազմաթիւ ծառայութիւններուն համար:

Մեդալի տուչութիւնը կատարուեցաւ Հայոց Բանակի Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Վրթանէս Եպս. Աբրահամյանի կողմէ Կիրակի, Մարտ 5, 2017-ին, Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Մ. Արթինեան» սրահին մէջ,  Հայոց Բանակի 25-ամեակին նուիրուած Ժողովրդային հաւաք-հանդիպումին ընթացքին:

Վրթանէս Սրբազանը, բարձր գնահատելով Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի անձնուրաց ծառայութիւնները, նշեց թէ 2016-ին, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն վերջ Տէր Հայրը, համախմբելով թորոնթոհայութիւնը, ցանկութիւն յայտնեց որ իր ծննդեան 50-ամեակի առթիւ նուիրատուութիւնները լիովին փոխանցուին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն: Վրթանէս Սրբազանը յիշեց թէ ինչպէս ամիսներ առաջ Արժանապատիւ Տէր Հօր հետ հանդիպումներ ունեցան աւելի քան 112 ընտանիքներու հետ Հայաստանի եւ Արցախին մէջ: Հանդիպումներու ընթացքին, հայրենիքին համար զոհուած երիտասարդներու ընտանիքներուն հետ աղօթեցին, փոխանցելով իրենց սէրը, մխիթարութիւնը եւ նիւթական օժանդակութիւնը:

Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, կիսելով այդ մեծ պատիւն ու գնահատանքը իր ժողովուրդին եւ հաւատացեալներուն հետ, որոնք մասնակից եղան այդ նախաձեռնութեան:

Յանուն Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդութեան, Թեմական Խորհուրդի եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի, Յարակից Մարմիններու, եւ բարեպաշտ հաւատացեալներու, մեծ սիրով ու հպարտութեամբ կը շնորհաւորենք Արժանապատիւ Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, Ազնուափայլ Երէցկին Նաիրա Զարգարեանը եւ իրենց հրաշալի զաւակներ՝ Նարեկը, Արէնը եւ Արազը, այս կարեւոր ու արժանի պարգեւատրութեան ուրախ առիթով: Կ’աղօթենք առ Աստուած որ զիրենք օրհնէ ու երկար, արեւաշատ ու առողջ տարիներ պարգեւէ, շարունակելու համար իրենց Աստուածահաճոյ կարեւոր առաքելութիւնը յանուն հայրենիքի, հաւատքի ու մարդասիրութեան:

Donate